18 Ağustos 2015
Խոր Վիրապի մէջ Օգոստոս 23-ին պիտի իրականացուի «Լաւաշի փառատօն», որուն ընթացքին` հացթուխները պիտի ցուցադրեն լաւաշի պատրաստման ընթացքը, պիտի սորվեցնեն թխման ճիշդ կարգը, պիտի կազմակերպուի լաւաշի եւ աւանդական հաց ու պանիրի, ինչպէս նաեւ ժենգեալով հացի հիւրասիրութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am–ը։
Փառատօնը կազմակերպող ընկերութեան ներկայացուցիչը յայտնած է, որ նման փառատօն Հայաստանի մէջ պիտի իրականացուի երկրորդ անգամ, առաջինը եղած է Գիւմրիի մէջ, բայց ոչ նման ձեւաչափով:
Ըստ կազմակերպութեան ներկայացուցիչին` մասնակցութեան յայտ ներկայացուցած են շարք մը զբօսաշրջային ընկերութիւններ` իրենց օտարերկրեայ` օտարերկրացի կամ հայ զբօսաշրջիկ յաճախորդներու ներկայութեամբ, ինչպէս նաեւ ՀՀ քաղաքացիներ: