18 Ağustos 2015
«Բերիոյ Նիուզ» կը հաղորդէ, թէ հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, մասնակցութեամբ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներուն, քահանայից դասուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, կիրակի, 16 օգոստոս 2015-ի առաւօտեան, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով Էսկիւրանի Ս. Աստուածածին մատուռին մէջ Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդը: Ապա տեղի ունեցաւ խաղողի եւ մատաղի օրհնութիւն` հոծ բազմութեան ներկայութեան:
Սրբազան հօր պահպանիչ աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով վերջ գտաւ հոգեպարար արարողութիւնը: