18 Ağustos 2015
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտարարեց, որ Իրան-Վեցեակ համաձայնագիրի վաւերացման պարագային Իրանի վրայ ամերիկեան տնտեսական ու քաղաքական ազդեցութիւն պիտի չբանեցուի: «Անոնք կը կարծէին, որ համաձայնութեան ճամբով կրնան Իրանի մէջ ազդեցութիւն ունենալու ճամբայ մը գտնել: Մենք փակեցինք այդ ճամբան», ընդգծեց Խամենէի:
«Մեր երկրին մէջ ամերիկեան ո՛չ տնտեսական, ո՛չ քաղաքական, ո՛չ ալ մշակութային ազդեցութիւն պիտի արտօնենք», ըսաւ ան:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը նշեց. «Ամերիկացիները կը ջանան Իրաքն ու Սուրիան մասնատել, ատիկա պիտի չիրականանայ»:
Խամենէի յայտնեց, որ ինք կը տխրի Եմէնի «անիրաւուած» ժողովուրդին համար, եւ «անոնց կը տրամադրենք մեր կարողութեան մէջ եղող որեւէ օժանդակութիւն»:
«Մենք կ՛աջակցինք պաղեստինեան դիմադրութեան, շրջանին մէջ դիմադրութեան եւ իւրաքանչիւր անձի, որ Իսրայէլի դէմ կը պայքարի», ըսաւ Խամենէի: