13 Ağustos 2015
Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող հայկական միակ գիւղը` Վաքըֆը, որ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններէն ետք կորսնցուց գիւղի կարգավիճակը եւ այժմ կը նկատուի թաղամաս, պիտի նշէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնը: Այս մասին կը յայտնէ Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթը:
Վաքըֆի նախկին գիւղապետ Պերճ Քարթուն յոյս յայտնած է, որ տօնակատարութեան ընթացքին իրենց գիւղը շատ այցելուներ կ՛ունենայ: «Կը հրաւիրենք մեր բոլոր ընկերները կիսելու մեր ոգեւորութիւնը», նշած է ան:
Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին ընթացքին Վաքըֆի մէջ ելոյթ պիտի ունենան Պոլսոյ «Ոմանք» խումբը, տեղւոյն արուեստագէտները, երիտասարդական երգչախումբը, ինչպէս նաեւ պիտի հնչէ տհոլ-զուռնա: Ներկաները պիտի պարեն հայկական ազգային պարեր: