12 Ağustos 2015
Թուրքիա ներկայիս մատնուած է քաղաքական ճգնաժամի: Եթէ քաղաքական գործիչները շուտաբոյթ կերպով չյաջողին այս ճգնաժամը յաղթահարել, շատ հաւանական է, որ վրայ կը հասնի տնտեսական եւ ընկերային ճգնաժամ մը եւս», «Արեւելք»ին յայտնեց «Ակօս»ի հայկական բաժինի խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան:
Էսդուգեան նաեւ նկատել տուաւ, որ Թուրքիոյ հասարակութիւնը բոլորովին դէմ է Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին մասնակցելու Անգարայի որոշումին՝ նշելով, որ «նախագահ Էրտողան, կռիւներու առաջին օրէն իսկ, իր կողքին գտնելով Միացեալ Նահանգները, Եւրոմիութիւնը, Սէուտական Արաբիան եւ Քաթարը՝ մեծ ոգեւորութեամբ ուխտած էր վերջ տալ Ասատի իշխանութեան: Բայց երբ Արեւմուտքը տեսաւ արմատական իսլամ զինեալ հրոսախումբերու սպառնական վտանգը, հրաժարեցաւ ի գին ամէն բանի Ասատը տապալելու իր նախկին մտադրութենէն: Աւելին՝ արեւմտեան մամուլը ծանրօրէն քննադատեց Թուրքիան՝ «Իսլամական պետութիւն»ը հովանաւորելուն համար»:
2002էն ի վեր բոլոր ընտրութիւններէն յաղթանակով դուրս եկած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը Յունիս 7ին կայացած խորհրդարանի ընտրութիւններուն կորսնցուց միահեծան կառավարութիւն կազմելու բախտը: Այժմ նախագահ Էրտողան կ՛ուզէ Ժողովուրդներու ժողովորդավարութիւն կուսակցութիւնը վարկազրկելով եւ նոյնիսկ զայն արգիլելով՝ կանխահաս ընտրութեանց դիմել, յուսալով, որ սրուած պատերազմի պայմաններուն տակ ետ կը ստանայ ազգայնականներու ձայները:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք ընթացող դէպքերը կրնա՞ն ծաւալիլ երկրի տարբեր շրջաններէն ներս՝ Էսթուքեան ըսաւ. «Շատ հաւանական է, որ գետնի վրայ արձանագրուած դէպքերը ծաւալին դէպի տարբեր քաղաքներ: Նշենք, որ գլխաւորութեամբ Պոլսոյ, Անգարայի եւ Զմիւռնիոյ, Թուրքիոյ բազմաթիւ քաղաքներու մէջ քիւրտեր եւ թուրքեր, սիւննիներ եւ ալաուիներ կ՛ապրին կողք կողքի: Վերջապէս, անցեալի փորձերով գիտենք, թէ գաղտնի ծառայութիւնները դիւրաւ կրնան շահագործել ազգայնականներէ բաղկացող խուժան մը, որ առանց վարանելու կրնայ դիմել զանգուածային մարդասպանութեանց: Նախորդ դարասկիզբին, «դրախտը եօթը դռներ ունի, եօթը հայ սպաննողը ուղիղ դրախտ կ՛երթայ» ըսելով համոզած էին վայրագ քիւրտերը: Իրողութի՛ւն է, որ այս պատմութիւնը այսօր ալ յաճախորդ կրնայ գտնել Թուրքիոյ մէջ»։
Էսդուգեան նաեւ նշեց, թէ հակառակ անոր, որ ներկայ պահուն պոլսահայութեան համար վտանգ չկայ, «պատերազմի պայմաններուն մէջ քամին յանկարծ ուղղութիւն կրնայ փոխել, հետեւաբար՝ յիմար միամտութիւն մըն է «մեզի բան չըլլար» կարծելը: Յիշողութիւններու մէջ շատ թարմ է այն իրողութիւնը, որ հալէպահայութիւնը պատերազմի ծագումէն ետք երկար ժամանակ կառչեցաւ այդ միամիտ խափկանքին առթած ապահովութեան զգացումին», նշեց պոլսահայ խմբագիրը:
Բագրատ Էսդուգեան նաեւ խօսեցաւ Թուրքիա հաստատուած ՀՀ քաղաքացիներուն մասին՝ նկատել տալով, որ «Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները բնականաբար անապահով պիտի զգան, քանի որ զերծ պիտի մնան նաեւ պետական ապահովութենէն, տրուած ըլլալով, որ բոլորն ալ փախստականի կարգավիճակի մէջ են: Անոնք իրենց ապահովութիւնը պիտի փնտռեն տեղւոյն հայերուն մօտ»: