12 Ağustos 2015
Թրքական լրատուական միջոցները կը փորձեն Հայաստանը ներքաշել իրենց երկիրի վերջին տարիներու աղմկայարոյց քաղաքական պայքարներէն մէկուն մէջ:
Արդարեւ, Պոլսոյ Պաքըրքէօյի շրջանային դատախազը որոշում կայացուցած էր ձերբակալելու երկրի ամէնէն յայտնի դատախազներէն մէկը՝ «Էրկենեքոն», «Լախտ» անուններով ծանօթ պետական հարուածներու հարցով գլխաւոր ամբաստանող Զեքերիա Օզը, եւ անոր գործընկեր դատախազ Ճելալ Քարան:
Երեքշաբթի օր հաղորդուեցաւ, որ Օզ եւ Քարա հատած են Վրաստանի հետ սահմանը, իսկ թրքական որոշ աղբիւրներ կը գրեն, թէ անոնք Վրաստանի ճամբով հասած են Հայաստանի տարածք:
Ցարդ ՀՀ իրաւապահ մարմինները եւ սահմանային զօրքերը չեն հաստատած այս տեղեկութիւնը:
Զեքերիա Օզ 2000ականներու կէսերուն Թուրքիոյ ամէնէն ազդեցիկ դատախազը կը համարուէր: Ան «Էրկենեքոն»ի դատով մօտաւորապէս 150 բարձրաստիճան զինուորականներ, ներառեալ՝ զօրավարներ, բանտ ուղարկած էր:
Դեկտեմբեր 2013ին, Օզ ստանձնեց իշխանութեան բարձր խաւերուն մէջ զեղծարարութիւններու կապակցութեամբ մեղադրագիրի հեղինակի պաշտօնը: Երբ հարուածի թիրախ դարձան Էրտողանի որդին եւ քանի մը նախարարներու զաւակներ, իշխանութիւնը բաւական կոշտ հակահարուածի անցաւ: Օզ նախ պաշտօնէն հեռացուեցաւ, ապա մեղադրուեցաւ Թուրքիոյ մէջ քրէական հետապնդման ենթարկուող կիւլենական իսլամական կառոյցին իր անդամակցութեամբ:
«Հիւրրիյէ»չ թերթին համաձայն՝ Անգարա կապ հաստատած է Վրաստանի իշխանութիւններուն հետ փախստականներու արտայանձնումին պահանջով, բայց Օգոստոս 11ին հաղորդուած է, որ Օզն ու Քարան անցած են Հայաստան:
«Էրմենիհապեր»ը փորձած է պարզաբանումներ ստանալ վերոյիշեալ նիւթին վերաբերեալ, իսկ իշխանութիւններուն մօտ աղբիւրներ, որոնք նախընտրած են անանուն մնալ, յայտնած են, թէ Օզ եւ Քարա ցարդ (Օգոստոս 11) Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք մուտք չեն գործած: