09 Ağustos 2015
Անակնկալօրէն Պրիւքսէլ այցելած քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սելահաթթին Տեմիրթաշ «անարդար պատերազմ» որակեց քիւրտերուն վրայ թրքական յարձակումները` միաժամանակ կոչ ուղղելով Եւրոպական Միութեան, որ դատապարտէ յարձակումները եւ յստակօրէն նեցուկ կանգնի քրտական հաշտութեան հոլովոյթին:
Ան կրկնեց, թէ թրքական յարձակումներուն գլխաւոր թիրախը եղած են ոչ թէ «Իսլամական պետութեան», այլ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան դիրքերը: