09 Ağustos 2015
Եգիպտացորենը միակ լայն սպառում ունեցող մթերքն է, որուն բոլոր մասերը ոսկի կը պարունակեն, 100 կրամ հատիկները կը պարունակեն
0,5 միքրոկրամ Au, մինչ մարդու մարմնի պահանջարկը կը տատանուի 2-4 մկ սահմաններուն մէջ:
Ոսկիի ազդեցութիւնը մարմնի վրայ՝
* Չափահաս մարդու մարմնին մէջ կայ մօտ 10 մկ Au, որուն մօտաւորապէս կէսը կը գտնուի ոսկորներուն մէջ, մնացեալը լեարդին ու երիկամներուն մէջ:
Ոսկիի կենսաբանական դերը մարդու մարմնին մէջ կարօտ է յետագայ ուսումնասիրութեան, սակայն յայտնի են որոշ օգտակար յատկութիւններ:
* Անիկա կը խթանէ մարմնի մէջ պղինձի իւրացման:
* Կը նպաստէ խոնաւցնող յատուկ նիւթերու աշխոյժացման:
* Յատուկ հաշուարկուած չափերը կը կիրառուին աթերոսքլերոզի, օսթէոխոնտրոզի, փարոտոնդոզի, լեարդի հիւանդութիւններու, ընկճախտիպարագային:
* Ոսկին կը զօրացնէ արծաթի հակաբորբոքային յատկութիւնները, ունի հակավարակային ազդեցութիւն:
* Կը բարձրացնէ դիմադրողականութիւնը:
Ոսկիի եւ եօտի համադրութիւնը.
* Եօտացուած ոսկին յայտնի է իբրեւ հակակաղծրախտային (սքլերոզ) դեղորայք, որ չունի հակացուցումներ եւ յաճախ կը կիրառուի ծերացող մարմնին բնորոշ հիւանդութիւններու բուժման համար: Ասիկա հնագոյն ժամանակներէն յայտնի միջոց է:
* Ոսկիի տարբեր` աղային միացութիւններու հիմքին վրայ կը պատրաստուին դեղորայք որոշ հիւանդութիւններու, ինչպէս փսորիազի հետեւանքով յառաջացած արթրիտի բուժման համար:
Նման դեղերը կրնան յառաջացնել թունաւորում` չարաշահելու պարագային: