06 Ağustos 2015
Ամրան տապէն ազատուելու համար պէտք է օգտագործել համապատասխան սնունդ, որ կ’օգնէ մարմնին պայքարիլ տաքին դէմ:
Առաջին հերթին պէտք է օգտագործել շատ կաթնամթերք` թան, մածուն: Ասոնք կը բարձրացնեն մարմնի ուժը եւ կը կարգաւօրէն մարսողական համակարգը:
Տաք եղանակին խորհուրդ կը տրուի նաեւ օգտագործել համեղ եւ թարմ հատապտուղներ, նաեւ՝ ձմերուկ, սեխ, ծիրան, քանի որ անոնց մէջ առկայ պեթօ քարօթինը մարմինը կը պաշտպանէ արեւու ճառագայթներէն:
Իմբիրը մանրէասպան ազդեցութիւն ունի մարմնի վրայ եւ զայն կը պաշտպանէ թունաւորումներէն:
Եւ ամրան տապէն ազատուելու համար կարելի է խմել նարինջի կամ ստեպղինի հիւթ, քանի որ անոնք կրնան մարմինը պաշտպանել արեւու ճառագայթներու բացասական ազդեցութենէն եւ վաղաժամ ծերացումէն: