Թրքական Ազգայնական Կուսակցութիւնը Պատրաստ Է - Հայերէն
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

05 Ağustos 2015  

Թրքական Ազգայնական Կուսակցութիւնը Պատրաստ Է -

Թրքական Ազգայնական Կուսակցութիւնը Պատրաստ Է Թրքական Ազգայնական Կուսակցութիւնը Պատրաստ Է Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան Փոքրամասնական Կառավարութեան Աջակցելու` Փոխան Արտակարգ Ընտրութիւններու

Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան փոխնախագահ Սեմիհ Եալչըն երէկ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ իր կուսակցութիւնը Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կողմէ կազմուած փոքրամասնական կառավարութեան մը պիտի աջակցի, եթէ իշխող կուսակցութիւնը համաձայնի նոյեմբերին արտակարգ ընտրութիւններու կայացման:

Եալչըն յայտնեց. «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կողմէ կազմուած սովորական փոքրամասնական կառավարութեան մը պիտի աջակցինք, սակայն, եթէ փոքրամասնական կառավարութիւն կը նշանակէ ընտրական կառավարութիւն մը, պէտք է ընտրութեան թուականը տեսնենք»:

«Կրնանք Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կազմելիք փոքրամասնական կառավարութեան մը աջակցիլ` նոյեմբերին ընտրութիւններու կայացման պայմանով», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, «Տողան» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ ազատական փաստաբանները դատ բացած են Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելիի դէմ, որովհետեւ վերջինս վիրաւորած էր ընտրութիւններուն ընթացքին Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ձայն տուած մարդիկը:

Պոլսոյ Չաղլայան արդարադատութեան պալատին դիմաց հաւաքուած իրաւաբանները նշած են, որ մինչեւ օրս երկրի թէ՛ իշխանական թեւը, թէ՛ ազգայնական կուսակցութիւնը վիրաւորած են քրտամէտ կուսակցութիւնն ու անոր արժէքները: «Սակայն այս վիրաւորանքները այնպիսի կէտի մը հասած են, որ վիրաւորանքներ կը հնչեն Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ձայն տուած 6 միլիոն բնակչութեան նկատմամբ: Այսինքն, այս երկրին մէջ կայ երեսփոխան մը, խորհրդարանական մը, կուսակցութեան մը ղեկավարը, որ կը կանգնի եւ «անարգ» կ՛անուանէ միլիոնաւոր մարդոց: Ժողովուրդին մէկ մասը միւս մասին դէմ կը լարէ, կը դրդէ քինախնդրութեան եւ թշնամութեան: Ժողովուրդին մէկ մասը հրապարակաւ կը ծաղրէ», նշած է միութեան Պոլսոյ մասնաճիւղի ղեկավարը` ընդգծելով, որ իրենք Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ձայն տալով, գործած են իրենց խիղճին համաձայն եւ պատուով:

Իրաւաբանները դատարան ներկայացուցած իրենց դիմումին մէջ դատ բացած են «վիրաւորանքի», «ժողովուրդը քինախնդրութեան եւ թշնամութեան դրդելու կամ ստորնացնելու» հիմնաւորումներով:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+