02 Ağustos 2015
Տնտեսագիտական մարզին մէջ հետազօտութիւններ հրապարակող ՌիՓԷք-ի կազմած` աշխարհի ամէնէն նշանաւոր տնտեսագէտներու ցուցակը կը գլխաւորէ հայազգի աշխարհահռչակ տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլու:
Ցուցակը կազմելու ընթացքին քննարկուած է աշխարհի վրայ յայտնի 2223 տնտեսագէտներու թեկնածութիւնը, հաշուի առնուած են անոնց վերջին տասը տարիներու գիտական գործունէութիւնը, տնտեսագիտական աշխատութիւնները եւ անոնց կիրարկումը այս կամ այն մարզին մէջ:
Ցուցակին մէջ Տարօն Աճեմօղլուին կը հետեւին Հարվըրտի համալսարանէն Էնտրու Շլայճըր, Շիքակոյի համալսարանէն Ճէյմս Ճ. Հեքմըն, եւ Հարվըրտի համալսարանէն Ռոպըրթ Պառօ, իսկ Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական դրամատան նախկին նախագահ Պեն Պեռնանքը գրաւած է ցուցակի 25-րդ դիրքը:
Տարօն Աճեմօղլու ծնած է 1967-ին, Պոլիս: 1986-ին աւարտած է Կալաթասարայի վարժարանը: Ապա ուսումը շարունակած Բրիտանիոյ Եորք համալսարանի տնտեսագիտական բաժանմունքին մէջ: Գիտական աստիճան ստացած է Լոնտոնի տնտեսագիտական համալսարանին մէջ: 1992-1993 թուականներուն դասախօսած է այդ համալսարանէն: 1993-էն ի վեր կը դասախօսէ աշխարհի մէջ ամէնէն հեղինակաւոր` Միացեալ Նահանգներու Մասաչուսեցի համալսարանի ճարտարագիտական հիմնարկին մէջ: 2000-ին ան փրոֆեսէօրի կոչում ստացած է: Քաղաքական տնտեսագիտութեան, տնտեսութեան զարգացման եւ աճի մարզերուն մէջ, յատկապէս եկամուտի եւ աշխատանքի դիմաց վճարումներու անհաւասարութեան վերաբերեալ իր աշխատանքներով Միացեալ Նահանգներու մէջ յայտնի դարձած Աճեմօղլուի` Ճէյմս Ռոպինսընի հետ հրապարակած` «Ազգերու երջանիկ հանդիպումը» գիրքը առաջադրուած էր Նոպելեան մրցանակի թեկնածու: