18 Temmuz 2015
«Արմէնփրես»` յղում կատարելով թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքին, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ յայտնի հայ լրագրող Հայկօ Պաղտաթ դատական գործ յարուցած է Անգարայի քաղաքապետ Մելիհ Կէօքչեքի դէմ` ընկերային ցանցերուն վրայ հայերուն մասին ոչ պատշաճ յայտարարութիւններ կատարելուն համար: Դատարան ներկայացուցած դիմումին մէջ Պաղտաթ Անգարայի քաղաքապետէն պահանջած է վճարել 10 հազար թրքական լիրա փոխհատուցում:
Երբ Գերմանիոյ Կանաչներու կուսակցութեան ծագումով թուրք համանախագահ Ճեմ Էօզտեմիր կոչ ուղղեց Թուրքիոյ հայ-թրքական սահմանը բանալու, Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու վերաբերեալ, Կէօքչեք «Թուիթըր»-ի վրայ կատարած գրառումի մը մէջ Էօզտեմիրէն խնդրած է բացատրել` արդեօք անոր ծագումին մէջ կա՞ն հայկական արմատներ: Իսկ Պոլսոյ մէջ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ցոյցէն առաջ ան յայտարարած էր, որ հանրահաւաքին մասնակցելու նպատակով Եւրոպայէն եւ Հայաստանէն 150-200 հայեր կը պատրաստուին գալ Պոլիս: «Ի՞նչ գործ ունին անոնք հանրահաւաքին: Որովհետեւ անոնք ատիկա կը դիտարկեն իբրեւ Հայաստանի փրկութեան ցոյց: Զիս լսող իմ քիւրտ եղբայրներ` մի՛ երթաք այդ հանրահաւաքին, որովհետեւ ատիկա քիւրտերու հանրահաւաքը չէ, հայերունն է», ըսած էր Կէօքչեք:
Հայկօ Պաղտաթ