30 Haziran 2015
Այսօր կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին տեղի կ՛ունենայ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի թաղման կարգը եւ յուղարկաւորութիւնը` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ: Ապա հանգուցեալ հայրապետին մարմինը կը փոխադրուի եւ կ՛ամփոփուի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ պատրիարքներու դամբարանին մէջ:
Կիրակի, 28 յունիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 4:00-ին հաւատացեալներու բազմութիւն մը եկած էր Աւետման Սրբոյ Կուսին եկեղեցին իր վերջին հրաժեշտը տալու Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց երջանկայիշատակ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, որուն մարմինը ամփոփող դագաղը հիւանդանոցէն հանդիսաւոր թափօրով, քահանայ հայրերուն կողմէ ուսամբարձ փոխադրուեցաւ մինչեւ եկեղեցւոյ մուտքը, ուրկէ յանձն առնուեցաւ եպիսկոպոս հայրերուն կողմէ եւ զետեղուեցաւ խորանին դիմաց:
Տան կարգի արարողութեան յաջորդեց հանդիսաւոր սուրբ պատարագը, զոր մատուցեց պատրիարքական կառավարիչ Գրիգոր եպիսկոպոս Կապրոյեան` մասնակցութեամբ արհիապատիւ եպիսկոպոսներուն, գերյարգելի, գերապատիւ եւ արժանապատիւ քահանաներուն: Պատարագին ներկայ գտնուեցան ասորի կաթողիկէ եկեղեցւոյ Եունան պատրիարքը` իրեն հետ ունենալով ասորի կղերականներ: Ներկայ էին նաեւ ներկայ եւ նախկին պետական երեսփոխաններ, պաշտօնական անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան:
Յընթացս սուրբ պատարագին քարոզեցին Գրիգոր եպիսկոպոս Կապրոյեան` հայերէնով եւ Յովհաննէս եպիսկոպոս Թէյրուզեան` արաբերէնով:
Պատարագի աւարտին հաւատացեալ ժողովուրդը յարգանքով մօտեցաւ խոնարելու երանաշնորհ հոգեւոր տիրոջ դագաղին առջեւ` իբրեւ վերջին հրաժեշտ: