25 Haziran 2015
Ցաւով կը հաղորդենք թէ այսօր՝ 25 յունիս 2015-ի առաւօտեան ժամը 8:45-ին, Պէյրութի ժամով, Ժէիթաուի հիւանդանոցին մէջ, բժիշկ Նապիլ Խուրի տեղեկացուց թէ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս Պատրիարքը վախճանեցաւ սրտի կաթուածի հետեւանքով: Աղօթեցէ՛ք իր հոգւոյն համար: Յուղարկաւորութեան վերաբերեալ կարգադրութիւնները պիտի հաղորդուին ի մօտոյ:
Դիւան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի