07 Haziran 2015
Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները կը սկսին ի յայտ գալ: ըստ ոչ-պաշտօնական արդիւնքներուն, Ժողովուրդներուն Ժողովրդավար Կուսակցութիւնը – ՀՏՓ կը յաջողի անցնիլ Խորհրդարան մտնելու 10 տոկոսի արգելքը, ու այդպիսով չորս կուսակցութիւններէ բաղկացած Խորհրդարան մը կը գոյանայ:
Այս արդիւնքներով, իշխանութեան գլուխ գտնուող Արդարութիւն եւ Յառաջադիմութիւն Կուսակցութիւնը – ԱՔՓ ինքնուրոյն կառավարութիւն չի կրնար կազմել:
Agos