21 Ekim 2011
Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Ռուբէն Կարապետեան Հոկտեմբեր 19ին այցելեց Լացիոյ նահանգի Չիւիդաւեգգիա քաղաք, որ կը հանդիսանայ Իտալիոյ կարեւորագոյն ծովային նաւահանգիստներէն մէկը: Այս մասին կը յայտնէ “Հայերն Այսօր”ը։
Այցի ծիրէն ներս ՀՀ դեսպանը այցելեց քաղաքին մէջ գտնուող եւ նահանգի միակ “ԵՈՒՆԻՍԵՖի դեսպան” տիտղոսը կրող Անթօնիօ տէ Գուրդիսի անուան միջնակարգ դպրոց: Յատկանշական է, որ ընթացիկ տարին Չիւիդաւեգգիայի դպրոցի “Քոյր դպրոց” յայտարարուած էր Երեւանի Մարի Իզմիրլեանի անուան մանկատունը:
Հանդիպման ընթացքին աշակերտները ներկայացուցին երաժշտական ծրագիր, որմէ ետք Եւրոխորհրդարանի նախկին պատգամաւոր, քաղաքապետ Ալեսսանտրօ Պադդիլոգիօ ներկայացուց անցնող ամրան Երեւան այցելութեան տեսանիւթը:
Դեսպանը դպրոցի սաներուն փոխանցեց իրենց Երեւանի ընկերներուն ողջոյնները եւ խոստացաւ՝ բարեկամութիւնը սերտացնելու նպատակով՝ փոխայցելութիւններ կազմակերպել` յատուկ շեշտելով մանկական հասակին հաստատուած ընկերութեան ամրութիւնն ու առաւելութիւնը, որ կը պահպանուի ողջ կեանքի ընթացքին: Դեսպանը դպրոցականներուն տեղեկացուց, որ Հայաստանի դպրոցներուն մէջ՝ իբրեւ ուսումնական ծրագիր՝ ընդգրկուած է ճատրակը, որ աշխարհի ամենահին եւ իմաստուն խաղերէն մէկն է, եւ ատիկա հաշուի առնելով` Ռուբէն Կարապետեան դպրոցին նուիրեց Հայաստանի քարերով պատրաստուած ճատրակ:
Այնուհետեւ դեսպանը այցելեց Լացիօ նահանգի Դոլֆա քաղաք, ուր հանդիպում ունեցաւ քաղաքապետ Լուիճի Լանտիի հետ: Հանդիպման ընթացքին երկուստէք կարեւոր համարուեցաւ ապակեդրոնացուած համագործակցութեան զարգացումը` զայն դիտարկելով երկկողմ յարաբերութիւններու առաւել զարգացման եւ խորացման հիմք: