21 Ekim 2011
Հոկտեմբեր 20-ին Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Արման Կիրակոսեան հանդիպած է Եւրոպական եւ միջազգային հարցերու դաշնային նախարարութեան Արարողակարգային ծառայութեան ղեկավարի տեղակալ Պետեր Էլսներ-մաքեյի հետ, որմէ ետք, ըստ աւստրիական արարողակարգի, իր հաւատարմագրերու պատճէնները յանձնած է նախարարութեան գլխաւոր քարտուղար Եոհաննէս Կիրլէին: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ ԱԳՆ մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը:
Հաւատարմագրերու յանձնման արարողութեան յաջորդած զրոյցի ընթացքին Եոհաննէս Կիրլեն շնորհաւորած է Արման Կիրակոսեանը Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանի պաշտօնին նշանակուելու կապակցութեամբ` յոյս յայտնելով, որ դեսպանը իր պաշտօնավարման ընթացքին կը նպաստէ հայ-աւստրիական յարաբերութիւններու առաւել զարգացմանն ու ընդլայնմանը:
Հանդիպման ընթացքին դեսպան Կիրակոսեանը ներկայացուցած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները` նշելով, որ ԵՄ հետ բազմաբովանդակ յարաբերութիւններու զարգացումը մշտապէս եղած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնային ուղղութիւններէն մէկը, եւ այդ առումով մեծապէս կը կարեւորուի Աւստրիոի` որպէս ԵՄ անդամ երկրի հետ սերտ համագործակցութիւնը:
Եոհաննէս Կիրլէի խնդրանքով դեսպան Կիրակոսեանը ներկայացուցած է արցախեան հիմնախնդիրի հանգուցալուծման վերջին զարգացումները` ընդգծելով, որ Հայաստանը բարձր կը գնահատէ աւստրիական կողմի հաւասարակշռուած մօտեցումները Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի վերաբերեալ: