12 Nisan 2015
Իտալիա տուած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 9 Ապրիլին այցելած է Վիթթորիանօ թանգարանային համալիր, ծաղկեպսակ զետեղած Անհետ կորսուած զինուորի յուշարձանին առջեւ, այնուհետեւ հանդիպում ունեցած է Իտալիոյ նախագահ Սերժիօ Մաթարելլայի հետ:
Նախագահները կարեւոր նկատած են, որ վերջին տարիներուն զգալի կերպով աշխուժացած հայ-իտալական համագործակցութիւնը երկկողմանի ձեւաչափով, ինչպէս նաեւ Եւրոպական միութեան ծիրին մէջ՝ յառաջընթաց ապահովելով փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ:
Նախագահ Սարգսեանի համաձայն՝ Իտալիա տրուած այս այցելութիւնը հայ ժողովուրդին համար կարեւորագոյն ժամանակաշրջանի մը, երբ Հայաստանի իշխանութիւնները ու համայն հայութիւնը կ՛ոգեկոչէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը, լաւագոյն փաստն է Հայաստանի կողմէ Իտալիոյ հետ երկկողմանի կապերուն տրուող կարեւորութեան։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է իտալացի ժողովրդին՝ «որը փրկեց, օթեւանեց ու նոր յոյս տուեց Հայոց Ցեղասպանութիւնից փրկուած հայ տարագիրներին, որոնցից վերջինը Իտալիայում ապրեց մինչ անցած տարի»: Ան նաեւ երախտագիտութիւն յայտնած է Իտալիոյ՝ համամարդկային արժէքները մնայուն կերպով կարճաժամկէտ շահերէն վեր դասելուն համար, ընդգծելով մասնաւորապէս Իտալիոյ խորհրդարանին կողմէ շուրջ 15 տարի առաջ Հայոց Ցեղասպանութեան միաձայնութեամբ ճանաչումը:
Նախագահները քննարկած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացը: Իտալիոյ նախագահը նշած է, որ Իտալիան այս հարցին մէջ ունի հարցը բացառապէս խաղաղ ուղիով լուծելու յստակ դիրքորոշում՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրին մէջ, հիմնուած հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքներուն վրայ:
Երկու երկիրներու նախագահները գոհունակութեամբ արձանագրած են, որ վերջին տարիներուն յաճախ կը կազմակերպուին գործարար համաժողովներ, կլոր-սեղաններ, ինչպէս նաեւ գործարար ոլորտի ներկայացուցիչներու փոխայցելութիւններ: Նախագահները համակարծիք եղած են այն առնչութեամբ, որ առկայ ձեռքբերումները ոգեւորիչ են, սակայն չեն արտացոլացներ համագործակցութեան իրական ներուժը՝ շեշտելով, որ տակաւին հսկայ աշխատանք պէտք է տարուի այդ ներուժի լիարժէք օգտագործման համար:
Հանդիպման ընթացքին շատ կարեւոր նկատուած է երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը՝ յատկապէս զբօսաշրջութեան բնագաւառին մէջ։ Նշուած է, որ այս պարունակին մէջ կարեւոր նախապայման է Հայաստանի եւ Իտալիոյ միջեւ՝ Երեւանէն Հռոմ կամ այլ քաղաքներ կանոնաւոր ուղիղ օդային կապի վերականգնումը:
Նախագահները միտքեր փոխանակած են նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան, միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ Հայաստանի եւ Իտալիոյ փոխգործակցութեան, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերող հարցերուն շուրջ:
Այս առիթով Իտալիոյ նախագահը կազմակերպած էր պաշտօնական ճաշկերոյթ։