12 Nisan 2015
Տէ՛ր, իջեցո՛ւր Սուրբ Հոգւոյդ շնորհները իմ վրաս, որ միայնակ եմ պատերազմի մէջ՝ առանց օգնականի: Սրբէ՛, Տէ՛ր, հոգւոյս տաճարը եւ հետս եղիր երեկոները: Բա՛ց իմ հոգւոյս աչքերը եւ լուսաւորէ՛ միտքս ու խորհուրդներս: Զօրութի՛ւն տուր ինծի, Տէր իմ Յիսուս, եւ ընդունէ՛ օրհնաբանութիւնս: Արթնցո՛ւր զիս գիշերուայ խոր քունէն՝ գոհանալու եւ օրհնելու Քեզ, որ մեղքերս քաւեմ: Սուգ եւ արտասուք շնորհէ ինծի՝ լալու, սգալու եւ անդադար աղօթելու Քու առջեւդ:
ԵթԷ վիշտերէն լքուած, յոգնաբեկ ՝ մէկը նուաղի,
Թող ամրապնդուած յառնէ վերստին
Հառաչանքներու այս հարստարանով՝ յուսալով ի քեզ:
Եթէ ամբարտակն ապահովութեան մեղքով խորտակուի,
Թող որ քարերով այս, շնորհաձիր
Աջովդ յարմարուած, կառուցուի դարձեալ:
Եթէ յանցանքի սուրերով յոյսի լարը կտրուի,
Ամենակալիդ բարեհաճութեամբ՝
Ամուր պատուաստումով՝ թող կցուի նորէն:
Եթէ հոգեկան մահաբեր ցաւ մը պաշարէ մէկուն,
Թող որ ասով, աղօթելով քեզի,
Ստանայ կեանքի յոյս ու փրկութիւն...
Ս.Գրիգոր Նարեկացի