10 Mart 2015
Վարդանանց Դպրաց Դաս եւ Երգչախումբի հիմնարկութեան տարեդարձը տեղի ունեցած էր 15 փետրուար 2015 թուականին, Բուն Բարեկենդանի օրը, համանուն Եկեղեցւոյ մէջ: Այս առթիւ, բարեկենդանի խրախճանքին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին նաեւ թաղի Մէրամէթճեան Վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ:
Երէկ, 06 Մարտ 2015, Ուրբաթ Արեւագալի արարողութեան աւարտին սոյն աշակերտները գլխաւորութեամբ Տնօրէնուհի Տիկին Արփի ՄանուկեանիՇիրինօղլու Սրահին մէջ ընդունուեցան Կրօն. Ժող. Ատենապետ, Ս.Եկեղեցւոյս Քարոզիչ եւ Դպրաց Դասու Նախագահ`Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կողմէ: Հայր Սուրբը գնահատեց աշակերտները եւ անոնց նուէրներ տուաւ ի յիշատակ իրենց սիրայօժար մասնակցութեան:Սոյն ընդունելութեան ներկայ եղան նաեւ Եկեղեցւոյ Հոգեւորականաց դասը Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ`Տիար Մուրատ Էօղէր եւ Տնօրէն Խորհուրդի Ատենապետ ՏիարՅարութիւն Նալճը եւ անդամներ:
Hyetert