Մուրատ Պէպիրօղլուի Բաց Նամակը Վարչապետի Փոխանորդ Պիւլէնտ Արընչի - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

26 Şubat 2015  

Մուրատ Պէպիրօղլուի Բաց Նամակը Վարչապետի Փոխանորդ Պիւլէնտ Արընչի -

Մուրատ Պէպիրօղլուի Բաց Նամակը Վարչապետի Փոխանորդ Պիւլէնտ Արընչի Մուրատ Պէպիրօղլուի Բաց Նամակը Վարչապետի Փոխանորդ Պիւլէնտ Արընչի

«ԱԹՈՌԱԿԻՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԸՆՏՐԵԼԷ ՏԱՐԲԵՐ ՄԻՋՈՑ ՄԸ ՉԿԱՅ»
«Հայ Թերթ» լրատու կայքէջի խմբագիր Մուրատ Պէպիրօղլու այսօր իր կայքէջին վրայ դրած է Փոխ Վարչապետ Պիւլէնտ Արընչի ուղղեալ բաց նամակ մը, որով դարձեալ օրակարգի կը բերէ Պատրիարքական ընտրութեան հարցը ու կը նշէ որ այժմու պայմաններու մէջ այս հարցին միակ լուծումն է աթոռակից պատրիարքի ընտրութիւն իրականացնելը։Մուրատ Պէպիրօղլու արդէն առաջին օրէն պաշտպան կանգնած էր Աթոռակից Պատրիարք ընտրելու առընչութեամբ Կրօնական Ժողովի կողմէ ընդունուած որոշումին։

Բաց նամակին մէջ Պէպիրօղլու կ’ըսէ. «Դուք Հայ համայնքի կարգ մը անձնաւորութիւններու գաղափարները մտիկ ըրիք Անգարայի մէջ, հիմա կը յուսամ որ սովորական Հայ մարդու մը կարծիքն ալ մտիկ ընել պիտի ուզէք։ Դուք Անգարայի մէջ ըսեր էք որ «եթէ տեղեկագիր մը բերուի այն մասին թէ Մութաֆեան Պատրիարքին հիւանդութիւնը անբուժելի է, այն ատեն նոր Պատրիարքի մը ընտրութիւնը կարելի կը դառնայ»։ Բայց կը վախնամ որ մեր առաջնորդները սխալ կամ պակաս տեղեկութիւն տուեր են ձեզի։»
Այս մուտքէն վերջ Պէպիրօղլու մանրամասնօրէն ու թուականներու ճշդումով կը պատմէ այն ինչ որ պատահեցաւ Պատրիարքական ընտրութեան մը ձեռնարկելու առաջին օրերուն, պատմութիւն՝ որ մեզի ծանօթ է արդէն։ Տրուած ըլլալով որ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ կանոններուն համաձայն Պատրիարքները ցկեանս Պատրիարք են ու միայն մահուան կամ հրաժարման պարագային է որ կը վերջանայ Պատրիարքներուն պարտականութիւնը, այդ շրջանին Կրօնական Ժողովը որոշում ընդունեց որ Աթոռակից Պատրիարք մը ընտրուի հիւանդ Պատրիարքին կողքին, այս նպատակով ալ արտօնութիւն խնդրելու դիմում կատարուեցաւ պատկան իշխանութիւններուն։ Այս նպատակով ալ նշանակուեցաւ Ընտրական Կարգադիր Յանձնաժողով մը։

Բայց այս Յանձնաժողովը դուրս եկաւ իրեն յանձնուած պարտականութենէն։ Յանձնախումբը որ կազմուած էր միայն Աթոռակից Պատրիարք մը ընտրելու նպատակով, հակառակ որ լիազօրութիւն չունէր, երկրորդ դիմում մը կատարեց պատկան իշխանութիւններուն եւ ուզեց նոր Պատրիարք ընտրելու արտօնութիւն։ Պատկան իշխանութիւններն ալ, մինչ հարկ էր որ Աթոռակից Պատրիարքի ընտրութեան արտօնութիւն տային, երկու դիմումին դիմաց ընտրեցին միջին ճամբայ մը եւ որոշեցին Պատրիարքական Փոխանորդի նշանակութիւն կատարել, բան մը որ մնայուն դառնալու կոչուած եղաւ։ Այս կերպով արգելք դրուեցաւ Աթոռակից Պատրիարքի մը ընտրութեան առջեւ։


Պէպիրօղլու կը շարունակէ ու կ’ըսէ որ այս պայմաններու մէջ հիւանդութեան տեղեկագրի մը լոյսին տակ նոր Պատրիարքի ընտրութիւն կատարելը թէ՛ ներհակ է Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ կանոններուն, թէ՛ դէմ եկած պիտի ըլլայ Կրօնական Ժողովի երբեմնի որոշումին։ Ներկայիս միայն Աթոռակից Պատրիարք մը ընտրել կարելի է։ Եթէ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի պարագային ցարդ Աթոռակից Պատրիարք ընտրելու պարագայ մը չէ ներկայացած, ատոր փոխարէն Աթոռակից Պատրիարքի ընտրութեան բազմաթիւ օրինակներ կան Հայոց Եկեղեցիէն ներս։ Արդէն, բացի Կարգադիր Յանձնախումբի անդամներէն ու Պատրիարքին ու Պատրիարքարանին դէմ եկող քանի մը անձերէ, ոչ մէկը առարկեց Աթոռակից Պատրիարքի մը ընտրութեան դէմ, եւ երեք արժէքաւոր Արքեպիսկոպոսներ արդէն ընդունեցին Աթոռակից Պատրիարքի ընտրութեան թեկնածու ներկայանալ։


Պէպիրօղլու իր նամակի վերջաւորութեան դիտել կուտայ որ Պատրիարքական Աթոռը ժողովուրդին կողմէ ընտրուած Պատրիարքի կողմէ կը կառավարուի, իսկ նշանակուած անձի մը կողմէ անոր կառավարուիլը կը տկարացնէ Պատրիարքարանի հեղինակութիւնը։ Ուրեմն այս հարցը պէտք է լուծուի Հայոց Եկեղեցւոյ կանոններուն հաշտ կերպով։ Այս պատճառաւ ալ Կրօնական Ժողովն ու Պատրիարքական Աթոռը պէտք է նոր դիմում կատարեն ու Աթոռակից Պատրիարքի ընտրութեան արտօնութիւն պէտք է ուզեն։

Hyetert





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+