08 Ocak 2015
Դէպքը միեւնոյնն է, դէմքերն են տարբեր, վայրն է տարբեր, սակայն նպատակը միեւնոյնն է՝ կոտրել ազատ գրիչը, լռեցնել ազատ անկաշկանդ խօսքը, մթագնել ազատ միտքը…
2007-ին, Պոլսոյ մէջ, Ակօսի խմբագիր Հրանդ Տինքն էր զոհը, այսօր Փարիզի մէջ, «Շարլի Հէպտօ»-ի երգիծաբանական շաբաթաթերթի չորս երգիծանկարիչ եւ լրագրող ՝Շարպ, Քապի, Ուիլինսքի եւԴինիու, ազատ խօսքի ու մտքի զինուորներն են :
Ինչպէս Հրանդ Տինք, «Շարլի Հեպտօ»-ի լրագրող եւ երգիծանկարիչները նոյնպէս բազմաթիւ անգամներ սպառնալիքներու թիրախ դարձած էին եւ ի վերջոյ կատարուեցաւ «խոստումը» գրիչը կոտրեցաւ ,կարմիրը ծորեցաւ, սակայն «Բոլորս Հրանդ Տինք ենք», «Բոլորս Շարլի ենք» լոզունքները բարձրացան, ի դէմ սեւ ձեռնոցներով արիւնակզակ գազանին:
Երկու ահազդու ահաբեկչական դէպքերուն միջեւ որոշակի նոյնանման եզր մը ուրուագծուած է: Երկուքն ալ լոյս աչքով, ամենայն յանդգնութեամբ գործադրուեցան: Հրանդ Տինքի ահաբեկչութեան հարցը աչքի փոշի ցանելով ընթացք առաւ մինչ 2013-ին երբ ծածուկ անձի մը կողմէ յայտնուեցաւ թէ Թրքական գաղտնի ոստիկանութեան կողմէ ձեռնարկուած մէկ արարք մըն էր: Մինչ «Շարլի Հեպտօ»-ի մեղապարտները արդէն իսկ սեւ դրօշի ետին բացագանչող ծայրայեղական կազմակերպութեան վարձկան զինուորներն են, որոնք «Շարլի Հեպտօ»-ի խմբագրատունը արիւնաթաթախ ընելէ ետք «մարգարէին վրէժը լուծեցինք» բացագանչութիւններով լքեցին ու անյայտացան վայրէն:
Սակայն այս բոլորին մէջ էականը կը մնայ այն հիմնական տուեալը թէ բոլոր պարագաներուն ո՞վ յաճախակիօրէն ազատ խօսքի ու մտքի կանչը շղթայել կը փորձէ , որո՞ւն շահերուն կը նպաստէ այդ լռութիւնը:
Միթէ ոճրագործները միեւնոյն գաղափարին հաւատաւոր ծառաները չե՞ն:
Յարգանք ու պատիւ նահատակ լրագրողներուն, անոնց թափած արեան, այսօր ֆրանսան 12 նահատակ զոհեր տուաւ, սակայն 66 միլիոն ֆրանսացի ոտքի կանգնեցուց ահաբեկիչներուն դէմ բարձրաձայն «Ո՛չ մտքի ու արտայայտութեան ազատութեան կաշկանդումին գոչելով» …
* ՍԻՊԻԼԱ ՄԱԼԵԱՆ – ՓԱՉԱՆԵԱՆ