21 Temmuz 2014
Սրտի դառն կսկիծով, խոր վրդովմունքով, ահագնագոչ զայրոյթով կը գուժենք մահը Վիեննայի միաբան, Մխիթարեան Միաբանութեան երիցագոյն անդամ, Հայր Օգոստինոս Վրդ. Սեքուլեանի:
Արադարեւ չեմ կրնար սանձել գրիչս այս պահուս, որովհետեւ կանգնած եմ յոգնաբեկ ու անթաղ մարմնի մը առջեւ եւ չեմ կրնար զինք պարուրել եւ պարփակել մարդկային ձեռքերով շինուած դագաղի մը մէջ:
Տասնչորս տարիներու վրայ երկարող անմարդկային «եղբայրակա՜ն» հալածանքներու զոհ դարձած այս խոշոր անձնաւորութիւնը իր աչքերը փակեց այս ստորնացող կեանքին, եւ մեկնեցաւ «վիրաւոր» միանալու բոլոր անոնց՝ որոնք իրենց Տիրոջ պատգամին հետեւելով, ժառանգեցին իրաւունքը միանալու յաւիտենականութեան անցած լուսադէմ անձնաւորութիւններուն:
Հայր Օգոստինոս Վրդ. Սեքուլեան, ծնած է Սեպտեմբեր 19, 1921-ին Թրանսիլվանիոյ Ճուրճով քաղաքին մէջ (Այժմ Ռումանիոյ մէկ քաղաքն է): Իր նախնիք, 1319-ին, Անիէն գաղթած են նախ Խրիմ ու ապա Մոլդաւիա եւ 1654-ին եկած են Թրանսիլվանիա:
Իր նախնական ուսումը աւարտելէ ետք իր ծննդավայրի նախակրթարանին մէջ, 1931 թուկանին, հազիւ տաս տարեկան, մտած է Վիենննայի Մխիթարեան կղերանոցը: Դեկտեմբեր 31, 1944-ին կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ: 1945-46 տարիներուն կ`աւարտէ իր համալսարանական ուսումը եւ կը ստանայ իր Մագիստրոսի տիտղոսը Վիեննայի պետական համալսարանէն:
Ի շարս այլ պաշտօններու, 1957-1961 տարիներուն, Պէյրութի Հազմիէի Մխիթարեան Վարժարանէն ներս կը վարէ փոխ տնօրէնի եւ ուսուցչի պաշտօն: Կրկին կը վերադառնայ Լիբանան եւ 1972-1978 տարիներուն կը ստանձնէ Մխիթարեան Վարժարանի տնօրէնութիւնն ու Ժառանգաւորաց բաժնի պատասխանատուութիւնը:
1978-1992 տարիներուն եղած է Ընհանուր Աթոռակալ Վիեննայի Միաբանութեան: 1992 թուականէն մինչեւ 2009 եղած է տնօրէն Լոս Անճէլըսի Մխիթարեան Վարժարանին:
Ունի բազմաթիւ բանասիրական, դրամագիտական, ծիսական եւ տոմարագիտական աշխատանքներ, նամանաւանդ «Հանդէս Ամսօրեայ»ի մէջ տպուած: Իսկ այս բոլորէն անկախ հրատարակութեան պատրաստած է Հին եւ Նոր Կտակարաններու աշխարհաբար թարգմանութիւնը:
Այս կարճ, բայց բեղուն կենսագրականը կ`ուզեմ աւարտել իր խօսքերով. «Կեանքի գաղտնիքը ուրիշին համար ապրիլ գիտնալն է: Մխիթար Աբբահայր ազգին կ`ըսէ. Քեզի ծառայելը ինծի համար պատիւ է: Իմ մտահոգութիւնս ազգին ապագան է, որ կախուած է նոր սերունդէն, որ համապատասխանաբար կախուած է մեր դիրքորոշումէն եւ գիտակցութենէն. պէտք է համոզուին որ պարտականութիւն ունին ազգին հանդէպ»:
Ո՞վ չի ճանչնար Հայր Օգոստինոս Սեքուլեանը Լոս Անճէլըսի Գաղութէն ներս: Բոլոր անոնք որ քիչ թէ շատ առընչութիւն ունեցած են հայ մշակոյթի եւ դպրոցի հետ՝ անկասկած որ բաւականաչափ ճանչցած են զինք: Ան` հանգուցեալ Հայր Միքայէլէն Ագեանէն ետք ստանձնած էր Մխիթարեան Վարժարանի ղեկը, եւ զայն առաջնորդած դէպի նոր բարձունքներ: 1999-ին Վարժարանը փոխադրած էր Թահանկայի նոր հողամասը: Մխիթարեան Միաբանութիւնը վերջին յիսնամեակին չէ ունեցած նման եկեղեցական մը որ յաջողած ըլլայ այսպիսի հոյակապ կալուած մը ձեռք ձգել, ամբողջութեամբ վճարուած, զայն յանձնելով իր Միաբանութեան:
Ահասիկ մէկը, որ իր ամբողջ 70 տարիներու ծառայութեան դաշտին մէջ տուած ըլլալով հանդերձ իր մտային կարողականութեան ամբողջութիւնը, կրօնական թէ՛ մշակութային անդաստաններէն ներս, երբեմն ալ ենթարկելով ինքզինք ֆիզիքական վնասներու ակնյայտ վտանգին, ամբաստանուեցաւ որպէս «գող»: 2008-2009 երկու տարիներու ընթացքին, Լոս Անճելըսի Մխիթարեան վարժարանէն ներս ստանձնած պաշտօնիս բերումով՝ աւելի մօտէն ճանչցայ ծերունի վարդապետը եւ տեսայ իր մէջ նուիրումի անսահման ովկիանոս մը, որ միայն յարգանք կրնայ պարտադրել: Մարդ մը, հոգեւորական մը բառին բուն իմաստով, որուն երկունքներուն արգասիքն է Մխիթարեան Վարժարանը, բայց այդ բոլորով հանդերձ՝ ամբաստանուեցաւ որպէս «գող», որովհետեւ 2000 թուականէն սկսեալ, պատնէշի վրայ առանձին մնալով, ի գին ամէն տեսակի զոհողութիւններու, չուզեց յանձնել Մխիթարեան վարժարանը բոլոր անոնց, որոնք միայն այդ կրթօճախին անկումն ու փակումը կ՚ակնկալէին:
Այս վարդապետը, իր յետին չքաւորութեան մէջ, Մխիթարեան վարժարանէն ներս՝ Աւետարանին մէջ պատմուած աղքատ կնոջ դրուագին նման՝ դպրոցի եւ հայապահպանումի գանձանակին մէջ կը ներդնէր իր ունեցած համեստ լուման՝ կեանքի արդար քրտինքով օծուն: Ահաւասիկ օրինակելի այս վարդապետը ամբաստանուեցաւ որպէս «գող» քսան տարի վարժարանին անսակարկօրէն ծառայելէ ետք:
Այս նոյն վարդապետն էր, որ տարիներէ ի վեր Ամերիկեան պետութենէն իր ստացած ծերութեան թոշակը կը տրամադրէր վարժարանին, որպէսզի առիթ ընծայէր որ քանի մը չքաւոր հայ աշակերտներ կարելիութիւնը ունենային ուսանելու Մխիթարեան դպրոցի յարկին տակ. ահաւասիկ այս բոլոր նուիրումէն ետք զինք մեղադրեցին գողութեամբ, ինչ որ ո՛չ միայն վիրաւորական է, այլեւ անհանդուրժելի ստորնութիւն:
Ո՞վ կրնայ մարսել նման նուաստացուցիչ վերագրում մը։ Բոլոր անոնք որոնք կը յանդգնին նման զրպարտութիւններ ընել, չեն տեսած արդեօ՞ք, որ այս վարդապետը քսան տարիէ ի վեր նոյն ծակած կօշիկը կը հագնէր: Չեն տեսած արդեօ՞ք, որ հալած ու մաշած նոյն տաբատները կը հագնէր ամէն օր: Չեն տեսած արդեօ՞ք որ իր հագած ձմեռնային բաճկոնը երկրորդ համաշխահային պատերազմին գնուած նոյն հնամաշ բաճկոնն էր: Եւ այս բոլորէն ետք, գիտակցաբար զրպարտեցին ծերունի վարդապետը գողութեամբ:
Ինչպէ՞ս չպոռթկալ ծերունի վարդապետին դէմ կատարուած անմարդկային անարդարութեան դէմ, երբ իրազեկ ենք այն ստոյգ իրողութեան, որ այս բոլորը կատարուեցան Աբբահայր Քիլաղպեանի «օրհնութեամբ», անպատկառ Հ. Դաւիթ Ղազարեանի ղեկավարութեամբ: Պիտի բողոքենք կատարուած անարդարութեան դէմ մինչեւ այն ատեն որ մեր գրիչը մելան ունի զգետնելու անիրաւները եւ արդար հատուցում պահանջելու անոնցմէ:
2009 Նոյեմբեր 13-ին Հայր Օգոստինոս դուրս դրուեցաւ իր պաշտօնէն Հ. Եղիա Քիլաղպեանի ձեռամբ, ո՛չ-օրինական ճամբաներով, թուղթեր կեղծելով, օգտուելով ծերունի վարդապետին անգլերէն լեզուի անծանօթութենէն: Եւ սակայն մնաց ան իր համեստ տան մէջ, իր աղօթքներով զօրացած, իր պատարագներով ներշնչուած ու սպասեց արդարութեան...:
Տակաւին մի քանի շաբաթներ առաջ էր, երբ տակաւին կը գտնուէր ծերանոցի ապաքինման բաժնին մէջ, եւ Հ. Մեսրոպ Վրդ. Սիւլահեան եկած էր զինք այցելելու, ի շարս այլ յայտարարութիւններու բազմիցս կրկնեց. «Եթէ Հայր Եղիան զիս վարժարանէն չվռնտէր, տակաւին շատ բան ունէի տալիք իմ ժողովուրդիս»: 92 ամեայ վարդապետը կ`ափսոսայ եւ քաջաբար կը յայտարարէ թէ տակաւին շատ բան ունէր տալիք իր ժողովուրդին, եթէ անմիտ չարագործներ չփակէին Լոս Անճէլըսի Մխիթարեան Վարժարանը:
Արդարեւ երկար է շարքը այս մեծ մարդուն՝ հոգեւորականին հասցէին կատարուած զրպարտութիւններուն: Այս բոլորին հետեւանքը եղաւ այն որ 2009 Նոյեմբեր 13-ին Հայր Օգոստինոս արտաքսուեցաւ իր պաշտած վարժարանէն, եւ Կիրակի Նոյեմբեր 15, 2009-ին «Աբբահայր» Քիլաղպեան փակել տուաւ դպրոցի շրջափակին մէջ գտնուող մատուռը, այնտեղ կարգելով պահակներ, եւ արգիլեց Հայր Օգոստինոսին պատարագ մատուցանել: Ինչպէ՞ս կարելի էր լուռ մնալ նման անօրէն արարքի մը դիմաց: Պաշտօնական նամակի պատճէնն ալ քովս է որպէս փաստ:
Ինծի համար առեղծուածային է տակաւին, թէ ինչպէ՞ս եւ ին՞չ խիղճով (եթէ ունին անշուշտ) այս անպարկեշտները կրնան քնանալ գիշերները, երբ այսքան չարամտութեամբ պարուրուած է իրենց հոգին, թունաւորուած է իրենց միտքը եւ երբեք առիթը չեն փախցներ իրենց մաղձը թափելու անզօր միաբաններու վրայ, ըլլան անոնք փոքրաւոր կամ ալեհեր ծերունիներ։ Պիտի գայ սակայն օրը, երբ հաշիւ պիտի տան իրենց այս անիրաւութիւններուն համար, արժանի դառնալով Նախախնամութեան արդար պատիժին։
Մխիթարեան Միաբանութեան զոյգ թեւերուն՝ Վենետիկեան եւ Վիեննական՝ 2000 թուկանի “Միութենէն” ետք, յստակ ու վաւերացեալ սահմանադրութեան եւ կանոնագրութեան մը չգոյութիւնը պատճառ դարձաւ նաեւ, որ անընդհատ օրինական խախտումներ տեղի ունենան զանազան մարզերու մէջ, ըլլան անոնք միաբանական ներքին կեանքէն ներս, եւ կամ առաքելավայրերու մէջ տեղի ունեցած դժուարութիւններու պարագային, ի վերջոյ առիթ տալով որ անխոհեմ եւ անպատասխանատու “ղեկավարը” ըստ կամս տնօրինէ ամէն ինչ, վնաս հասցնելով տնտեսապէս այդ գործի յաջողութեան, նոյն ատեն հարցականի տակ դնելով ամբողջ Միաբանութեան վարկը։
Ուշադրութեամբ քննելով եւ թափանցելով Մխիթարեան Վարժարանի, ինչպէս նաեւ Մխիթարեան Միաբանութեան ընդհանուր կեանքէն ներս տեղի ունեցած դէպքերուն, կ՚անդրադառնանք որ չկայ մէկը որ հաշիւ պահանջէ Մխիթարեան ղեկավարութենէն, մասնաւորաբար Հ. Եղիա Քիլաղպեանէն եւ հատուցման հրաւիրէ զինք ըստ արժանւոյն, թէկուզ այս վերջինը ինքզինք զօրացած կը զգայ այսօր Վատիկանի հեղինակութեամբ. ի վերջոյ խնդրոյ առարկայ են Հայ ժողովուրդի դարաւոր գանձերը, որոնց պաշտպանութեան համար հաշուետու է նոյն ինքն Հ. Եղիա Քիլաղպեան Հայ ժողովուրդի իւրաքանչիւր զաւակին:
Կը փորձեմ այստեղ ախտաճանաչումը ընել անձի մը հոգեբանութեան, որ ոչ միայն չկրցաւ ղեկավարել Մխիթարեան Միաբանութիւնը, այլեւ իր անխոհեմ, անպատասխանատու, անկազմակերպ եւ անձնակեդրոն աշխատանքներով խորտակեց այն ինչ որ դարերու ընթացքին իր նախորդները կերտած էին եւ պահած իրենց աչքին լոյսին պէս։
Մխիթարեան Միաբանութեան այսօրուան պատկերը ամբողջութեամբ տարբեր է մեր աչքին առջեւ եւ կը պարզէ դառն եւ տխուր իրականութիւններ։ Այս անխոհեմ եւ դիտաւորեալ անտարբերութեան արդիւնքն է նաեւ կրթական միւս առաքելավայրերու վիճակը, որոնց ապագան ոչ մէկ յոյս կը ներշնչէ, նկատի ունենալով մանաւանդ, տակաւ առ տակաւ նօսրացող Միաբանութեան թիւը, որուն քաջածանօթ է Վատիկան եւ արդէն իսկ իր ախորժակները սրած է՝ լուծարքի ենթարկելու Միաբանութեան բոլոր կալուածներն ու ինչքերը, ինչպէս կատարած էր անցեալին՝ Անտոնեան Միաբանութեան պարագային։
Վերադառնանք՝ խունկ ծխելու արժանաւոր Վարդապետին դագաղին առջեւ: Կա՞յ մէկը որ տեղեակ չըլլայ Հ. Օգոստինոսի եւ անոր կատարած քսանամեայ մշակութային եւ կրթադաստիարակչական առաքելութեան Լոս Անճելըսի գաղութէն ներս: Այն ինչ որ պատահեցաւ մեր օրերուն Մխիթարեան Վարժարանի շրջափակէն ներս՝ կրկնութիւնն էր 2002 թուականին պատահած տխուր դէպքերուն, եւ վերջապէս... յաջողեցան ալեւոր վարդապետին ձեռքէն խլելու վարչականի իր բոլոր իրաւունքները, դիմելով ամէն տեսակի օրինական եւ ապօրինի միջոցներու, եւ վարժարանը հասցուցին իր վախճանին։
Այսօր խոր յարգանքով կը կանգնինք իր խնկելի յիշատակին առջեւ, միշտ յիշելով իր խօսքերը զորս գրեթէ ամէն օր առանց բացառութեան կ`արտասանէր. « Եթէ այսպէս չվարուէին ինծի հանդէպ, տակաւին շատ բան ունէի տալիք ազգիս»: Երանի՜ բոլոր անոնց՝ եկեղեցական թէ աշխարհական՝ որոնք կը մտածեն եւ կը տագնապին այն զգացմունքով որ տակաւին բան մը ունին տալիք իրենց ազգին...:
Թէեւ միաբանակից «հոգեւոր եղբայրներդ» լքեցին քեզ, բայց ամենախնամ ՏԷՐԸ չլքեց եւ զօրացուց քեզ քու աղօթքներովդ:
Խո՜ւնկ եւ աղօ՜թք իր յոգնաբեկ ոսկորներուն...:
Յիշատակն արդարոյն՝ օրհնութեամբ եղիցի:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
20 Յուլիս 2014