22 Mayıs 2014
Չորեքշաբթի 21 Մայիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Գերյարգելի Լեւոն Պօղոս Վրդ Զէքիեանը անուանեց` Իսթանպուլի Հայ Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսական թեմի Առաքելական Կառավարիչ, անոր շնորհելով Արքեպիսկոպոսի տիտղոսն ու աստիճանը։
Յայտնենք որ վերոյիշեալ թեմի օգնական եպիսկոպոսը` գերապայծառ Գէորգ Խազումեան` ներկայացուցած էր իր հրաժարականը եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց ` Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս - Պատրաիրքը, եպիսկոպոսներու մնայուն սիւնհոդոսի հաւանութեամբ, ընդունած էր հրաժարականը, տեղեակ պահելով Սուրբ Աթոռը։
Գերապայծառ Լեւոն Զէքիեանը ծնած է Իսթանպուլ` 21 հոկտեմբեր 1943-ին։ 12 տարեկանին կը մտնէ Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան դպրեվանքը։ 1964-ին կը կատարէ իր կրօնաւորական ուխտերը եւ 21 Մայիս 1967-ին կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի։1993-ին դարձած է Վենետիկի Պատրիարքութեան թեմի անդամ։
Գերապայծառ Զէքիեանը իր առաքելական ծառայութիւնը մատուցած է Վենետիկի Սփիւռքահայութեան, յատուկ կերպով նուիրուելով համամիութենական ասպարէզին, յատկապէս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հետ կապեր մշակելով։
Գերայածառ Զէքիեանը երկար տարիներ եղած է Վենետիկի Քա՛ Ֆոսքարի համալսարանի Հայ Լեզուի եւ մշակոյթի դասախօս։ Ան եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութեան ակադեմիաի դասախօս, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի խորհրդատու։
Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի անձնակազմը կը շնորհաւորէ գերապայծառ Զէքիեանը, անոր մաղթելով Աստուածանուէր բեղուն առաքելութիւն։