40 Տարեկանին Իր Հայկական Արմատներուն Մասին Իմացած “Թուրք” Երգիչը Կոմիտասի Մասին Շարժանկար Պատրաստել Կ’ուզէ - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Փայլածու

Հայերէն :

21 Ekim 2011  

40 Տարեկանին Իր Հայկական Արմատներուն Մասին Իմացած “Թուրք” Երգիչը Կոմիտասի Մասին Շարժանկար Պատրաստել Կ’ուզէ -

40 Տարեկանին Իր Հայկական Արմատներուն Մասին Իմացած “Թուրք” Երգիչը Կոմիտասի Մասին Շարժանկար Պատրաստել Կ’ուզէ 40 Տարեկանին Իր Հայկական Արմատներուն Մասին Իմացած “Թուրք” Երգիչը Կոմիտասի Մասին Շարժանկար Պատրաստել Կ’ուզէ

Թուրքիոյ մէջ յայտնի ռոք երաժիշտ Եաշար Քուրդ թրքական Hurriyet Daily News պարբերականի հետ զրոյցի ընթացքին պատմած է իր ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ հայկական արմատներուն մասին:

Քուրդ նշած է, որ ինքը 13 տարեկանէն սկսեալ ծնողներուն հարցուցած է իր ինքնութեան մասին, սակայն պատասխան չէ ստացած. իր իրական արմատներուն մասին երաժիշտը իմացած է միայն վերջերս` 40 տարեկանին, եւ որոշած է կնքուիլ. “Ես աննկարագրելի ցաւ տեսած այս հողին վրայ 40 տարի ապրած եմ` չիմանալով իմ իրական ինքութիւնը: Սակայն ես խաղաղութիւն եւ երկխօսութիւն կ’ուզեմ: Ւմ պատկերացուցած խաղաղութիւնը այն է, երբ որեւէ մէկը միւսին հանդէպ առաւելութիւն չունի”,– ըսած է ան:

“Ես կը փորձեմ բացայայտել զիս, իւրաքանչիւր ոք պէտք է ազատ ըլլայ իր այդ որոշման մէջ եւ ապրի այնպէս, ինչպէս կը փափաքի”,– աւելցուցած է ան:

Այժմ Քուրդի գլխաւոր ցանկութիւնը հայ աշխարհահռչակ երաժիշտ Կոմիտասի կեանքի մասին բեմադրութիւն մը պաստառին յանձնելն է:

“Մեր ֆիզիքական նմանութենէն բացի, Կոմիտաս նշանակալից դէմք է մարդկութեան եւ հայ–թրքական յարաբերութիւններուն համար”,– ըսած է ան եւ աւելցուցած, որ իր եւ Կոմիտասի արտաքին նմանութիւնը պարզապէս կ’ապշեցնէ մարդոց:

Քուրդ 1990ականներուն թողարկած իր “Վախ” երգին պատճառով դատապարտուած է ազատազրկման. անոր այդ երգը կը դիտարկուէր իբրեւ քաղաքական արշաւ ընդդէմ զինուորական ծառայութեան:

Ան խուսափած է զինուորական ծառայութենէն եւ միայն 2000ականներուն՝ 28 օր ծառայած է օրէնքով սահմանուած կարգով, որ անոր վճարովի ծառայութեան դիմաց ազատած է հիմնական ծառայութենէն:

“Զօրապաշտութիւնը աշխարհի խնդիրներու հիմնական պատճառն է: Ես չեմ կրնար զէնք վերցնել ձեռքս, Զէնք վերցնելը երկրին ծառայելու միակ միջոցը չէ”,– նշած է ան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+