Երեւանի եւ Թել Աւիւի Միջեւ Որոշակի Ջերմացում Կ`ակնկալեմ. Փորձագէտ - Հայերէն
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

16 Ekim 2011  

Երեւանի եւ Թել Աւիւի Միջեւ Որոշակի Ջերմացում Կ`ակնկալեմ. Փորձագէտ -

Երեւանի եւ Թել Աւիւի Միջեւ Որոշակի Ջերմացում Կ`ակնկալեմ. Փորձագէտ Երեւանի եւ Թել Աւիւի Միջեւ Որոշակի Ջերմացում Կ`ակնկալեմ. Փորձագէտ

Ուաշինկթընի մէջ գործող «Հերիթէյճ» ուսումնարանի` նախկին ԽՍՀՄ պետութիւններու, Թուրքիայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի գծով փորձագէտ Արիէլ Կոենը Երեւանի եւ Թել Աւիւի միջեւ ջերմացում կ`ակնկալէ:

Հ1-ի «Առաջին» լրատուականի թղթակիցի հետ զրոյցին, պատասխանելով
«ի՞նչ ազդեցութիւն կ`ունենայ թուրք-իսրայէլական յարաբերութիւններու վատթարացումը Իսրայէլ-Հայաստան, Իսրայէլ-ատրպէյճան յարաբերութիւններու վրայ» հարցին, Կոեն ըսած է.

«Հայաստան Իրանի հետ շատ լաւ յարաբերութիւններ ունի: Իսրայէլը` ոչ: Թէեւ ժամանակին, շահի օրերուն, լաւ յարաբերութիւններ եղած են: Իսրայէլ բարեկամութիւն կ`ընէ Ատրպէյճանի հետ, քարիւղ կ`առնէ: Կը տեսնենք նաեւ, որ Թուրքիան ճնշում կը կիրառէ Ատրպէյճանի հանդէպ, որպէսզի Պաքուն սահմանափակէ յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ: Կը յուսամ` Պաքուն այլ կերպ կը վարուի: Թէեւ Իսրայէլ չ`երթար Ատրպէյճջանի հետ յարաբերութիւններու վատթարացման, սակայն Երեւանի եւ Թել Աւիւի միջեւ որոշակի ջերմացում կ`ակնկալեմ»:







Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+