14 Şubat 2013
Իտալիոյ Ռիեթի նահանգի քաղաքներէն Քասթել՛Անճելոյի քաղաքապետարանը շաբաթ, 2 փետրուարին պաշտօնական յայտարարութեամբ եւ մամլոյ ասուլիսով ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին զանազան անձնաւորութիւններ խօսք արտասանելով իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ Թուրքիոյ վերաբերմունքին նկատմամբ: Քասթել՛Անճելոյի քաղաքապետ Փաոլօ Անիպալտի իր խօսքին մէջ ընդգծած է հայ ժողովուրդի արժանապատուութիւնը եւ իր ինքնութիւնը հպարտօրէն պահելու իրողութիւնը:
Հայ համայնքին կողմէ խօսք արտասանած է Ռուբէն Աթարեան: Ան ներկայացուցած է ցեղասպանութեան զանազան հանգրուանները: Ան իր խօսքի աւարտին կարդացած է նամակ մը` յղուած Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանին կողմէ, որ Հայաստան մեկնելուն պատճառով ներկայ չէր կրցած գտնուիլ ձեռնարկին: