14 Şubat 2013
ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը, Երիտասարդ դիւանագէտներու ակումբ երիտասարդական հասարակական կազմակերպութիւնը եւ Երիտասարդ Գետաշէն երիտասարդական բարեգործական հիմնադրամը ներկայացնող խումբ մը ցուցարարներ երէկ ցոյց կատարեցին դէպի Երեւանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակ` բաց նամակ յանձնելու Թուրքիոյ մէջ հակամարդասիրական բռնութիւններուն վերաբերեալ:
«Ցեղասպան Թուրքիան պէտք է պատժուի», «Ոչ մէկ զիջում Թուրքիոյ», «Ամբողջական Հայաստան, ամբողջական հայութիւն» ցուցապաստառները պարզած գործիչները կը վանկարկէին. «Ամօ՛թ միջազգային հանրութեան, ցեղասպան Թուրքիան պէտք է պատասխան տայ»:
Բաց նամակին մէջ գրուած էր հետեւեալը. «Թուրքիոյ Պոլիս քաղաքի Սամաթիա թաղամասին մէջ հայազգի կիներու նկատմամբ կ՛իրականացուին շարունակական յարձակումներ եւ բռնութիւններ: Այս առնչութեամբ թրքական իշխանութիւններու թոյլտուութեան եւ կրաւորական կեցուածքը պարարտ հող ստեղծած են այդ երկրին մէջ ատելութեան, անհանդուրժողականութեան, հայութեան մէջ վախի մթնոլորտի ձեւաւորման համար:
«Անյապաղ կը պահանջենք Թուրքիոյ իշխանութիւններէն` ապահովել իրենց քաղաքացիներուն ապահովութիւնը եւ հետամուտ ըլլալ վերոնշեալ ոճիրներու բացայայտման եւ դատապարտման:
«Կոչ կ՛ուղղենք ՄԱԿ-ին, Եւրոպական Միութեան, Եւրոպական խորհուրդին եւ այլ միջազգային ու իրաւապաշտպան կառոյցներուն` անյապաղ արձագանգելու թրքական իշխանութիւններու անգործութեան եւ համապատասխան միջոցներ ձեռնարկելու այդ երկրին մէջ ազգայնամոլական հետապնդումներու կասեցման ու անմեղ մարդոց պաշտպանութեան համար»: