20 Kasım 2012
ՏԷՐ ԶՕՐԻ ՅՈՒՇԱՀԱՄԱԼԻՐԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԻ ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ ՈՐ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒԻ
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Իմանալէ ետք, որ Տէր Զօրի յուշահամալիրը ռմբակոծման պատճառով ենթարկուած է լուրջ վնասներու, Արամ Ա. կաթողիկոս անմիջապէս կապ հաստատեց Հալէպի Ազգային առաջնորդարանին հետ: Այս մասին կը վկայէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի տարածած հաղորդագրութիւնը:
Վեհափառ հայրապետը նախ տեղեակ դարձաւ յուշահամալիրին կրած վնասներուն մասին: Յստակ է, թէ յուշահամալիրը որեւէ ձեւով թիրախ չէ դարձած ռմբակոծումի կամ կողոպուտի: Անոր կրած վնասները հետեւանք են իր մօտակայքը ինկած քանի մը ռումբերու:
Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց մեր հոգեւոր ու ազգային պատասխանատուներուն կողմէ մեր ժողովուրդին կատարուող ծառայութիւններուն համար: Իր հայրական քաջալերանքին ու թելադրութիւններուն կարգին վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ ՙՏէր Զօրի յուշահամալիրը պիտի վերանորոգուի, անմիջապէս որ ապահովութիւնը վերահաստատուի՚: