14 Kasım 2012
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ յայտարարած է, որ կը պատրաստուին հայկական հարցին վերաբերեալ պատմական իրողութիւնները ներկայացնող գեղարուեստական եւ վաւերագրական ժապաւէններ նկարահանելու: Ան աւելցուցած է, որ անոնք միջազգային հանրութեան մօտ մեծ արձագանգ պիտի ունենան:
Արընչ Թուրքիոյ խորհրդարանի պիւտճէի ձեւաւորման յանձնախումբին մէջ շարք մը նախագիծերու ֆինանսաւորման քննարկումներու ժամանակ խօսած է նաեւ աշխարհի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ պայքարի նոր միջոցներու մասին