Պենետիքթոս 16-րդ Պապին Եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Միջեւ Նամակներու Փոխանակում - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

14 Kasım 2012  

Պենետիքթոս 16-րդ Պապին Եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Միջեւ Նամակներու Փոխանակում -

Պենետիքթոս 16-րդ Պապին Եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Միջեւ Նամակներու Փոխանակում Պենետիքթոս 16-րդ Պապին Եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Միջեւ Նամակներու Փոխանակում

Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութենէն վերադարձին, Ն.Ս. Պենետիքթոս 16-րդ Պապը նամակ մը յղած էր Վեհափառ Հայրապետին, ուր ան իր գոհունակութիւնը յայտնելէ յետոյ Լիբանան կատարած իր այցելութեան գծով, ցաւ կը յայտնէր, որ «իր կամքէն անկախ պատճառներով չկրցաւ հանդիպում ունենալ Վեհափառ Հայրապետին հետ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանին մէջ` խօսելու միջ-եկեղեցական շարժումի ապագային մասին»: Ապա Սրբազան Քահանայապետը իր յարգանքն ու սէրը կը յայտնէր Հայ Եկեղեցւոյ ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, վստահեցնելով Վեհափառ Հայրապետին` թէ «մօտ ապագային վստահաբար դարձեալ հանդիպելու առիթ պիտի ունենայ»:

Պատասխանելով Սրբազան Պապին յիշեալ նամակին, Արամ Ա. Կաթողիկոս կը յիշեցնէ պատմական կապերը Հայ Եկեղեցւոյ ու Վատիկանի միջեւ, յատկապէս Կիլիկեան շրջանէն սկսեալ եւ այսօր եւս շարունակուող միջ-եկեղեցական գործակցութեան ու աստուածաբանական երկխօսութեան ճամբով: Իր նամակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը լայնօրէն կ՛անդրադառնար հետեւեալ երկու հարցերուն:

Առաջին` Վեհափառը իր մտահոգութիւնը կը յայտնէր Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէական ներկայութեան ու վկայութեան գծով: Ընդգծելէ յետոյ Պապին Լիբանան կատարած այցելութեան եւ այդ առիթով հրապարակած Հովուապետական Թուղթին յատուկ կարեւորութիւնը, Վեհափառը կը շեշտէ, թէ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութիւնը պէտք է դառնայ Վատիկանի մնայուն առաջնահերթութիւններէն մէկը եւ միւս կողմէ քրիստոնեայ եկեղեցիներ Միջին Արեւելքէն ներս միասնաբար պէտք է շարունակեն որոնել այնպիսի ազդու միջոցներ, որով կարելի ըլլայ թէ՛ քրիստոնէական վկայութեան նոր մղում տալ եւ թէ քրիստոնեայ համայնքներու իրաւունքները ապահովել շրջանէն ներս տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն լոյսին տակ:

Իր երկրորդ կէտով, Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունելէ յետոյ Պապին նախաձեռնութիւնը Աւետարանչութեան նուիրուած վերջին եպիսկոպոսաց Սինոտին գումարումով, կը յայտնէ, թէ աւելի քան երբեք համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ քրիստոնէական հաւատքը, արժէքներն ու աւանդութիւնները ենթակայ են վտանգի, մանաւանդ արեւմտեան ընկերութեան մէջ: Եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ այս երեւոյթին դիմաց: 1961-1962-ին գումարուած Վատիկանի Երկրորդ Ժողովը պատասխան մըն էր այդ օրերու ընկերութեան կեանքէն ներս յառաջացած մարտահրաւէրներուն: Յիսուն տարիներ ետք եկեղեցւոյ դիմաց գտնուող մարտահրաւէրներն ու մտահոգութիւնները բազմազան ու այլազան են: Հետեւաբար Վեհափառ Հայրապետը կ՛առաջարկէր Պապին, որ նախաձեռնէր Վատիկան Երրորդ Ժողովի պատրաստութեան: «Նման քայլ մը նաեւ իր դրական հետեւանքները պիտի ունենայ ուղղափառ եւ բողոքական եկեղեցիներու կեանքին ու վկայութեան», իր նամակը կ՛եզրակացնէ Վեհափառ Հայրապետը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+