03 Kasım 2012
Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մերձակայքը գտնուող հայաշատ Ժարամանա շրջանին մէջ պայթիւն տեղի ունեցած է, որուն հետեւանքով երիտասարդ հայ կին մը վիրաւորուած է: Անոյշ Աբովեանը անմիջապէս տեղափոխուած է հիւանդանոց: Բարեբախտաբար լուրջ վնասուածքներ չունենալով, արդէն ելած է հիւանդանոցէն: Տեղեկութիւններ կան, որ տուժածներուն մէջ եւս մէկ հայ կայ, որուն ինքնութիւնը դեռ չէ պարզուած: Սուրիական ՙՍԱՆԱ՚ լրատուական գործակալութիւնը տեղեկացուցած է, որ զինուած խմբաւորումները կը շարունակեն խախտել Ատհայի տօնին առիթով յայտարարուած զինադադարի պայմանաւորուածութիւնը: Ժարամանայի մէջ 29 Հոկտեմբերին ականապատ մեքենայի պայթիւնի հետեւանքով, նախնական տեղեկութիւններով 6 մարդիկ զոհուած են եւ վիրաւորուած աւելի քան 50 անձեր: Վնասուած են աւելի քան 20 ինքնաշարժներ եւ 15-էն աւելի առեւտրային կեդրոններ: Ժարամանայի բնակչութեան մեծամասնութիւնը քրիստոնեաներ են, որոնց շարքին նաեւ հայեր կան` աւելի քան 400 հայ ընտանիքներ: Սուրիոյ աւելի քան 18 ամիսներէ ի վեր շարունակուող բախումներուն հետեւանքովª զոհուած են 30 հազարէն աւելի մարդիկ, ներառեալ գրեթէ չորս տասնեակ հայեր: