Նոր Գիւղի Ս. Գէորգ Եկեղեցին` Հրոյ Ճարակ - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

30 Ekim 2012  

Նոր Գիւղի Ս. Գէորգ Եկեղեցին` Հրոյ Ճարակ -

Նոր Գիւղի Ս. Գէորգ Եկեղեցին` Հրոյ Ճարակ Նոր Գիւղի Ս. Գէորգ Եկեղեցին` Հրոյ Ճարակ

Երէկ երեկոյեան «Ազդակ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ: Ռէյիսեան Հալէպի հայկական թաղամասերուն վիճակին մասին փոխանցեց հետեւեալը.

«Անցնող օրերուն քանիցս խօսուած, բայց մեր կողմէ ստուգուելէ ետք հերքուած լուր մը դժբախտաբար վերջին օրերուն դարձաւ իրականութիւն: Համաձայն այսօր հասած վաւերական տուեալներու եւ ականատեսներու հաստատումներուն, Նոր Գիւղի (Մէյտան) հայ առաքելական Ս. Գէորգ եկեղեցին դարձած է հրոյ ճարակ: Հրկիզուած են եկեղեցւոյ ներքնամասը, քարտուղարութեան, դպրաց դասի եւ յարակից այլ սենեակներ ու եկեղեցւոյ սրբանկարները ու սրբազգեստները: Բաւական լուրջ վնասներ կրած է նաեւ նոր փակուած Ազգային Մեսրոպեան վարժարանը` իր մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններով:

«Ի լուր բարբարոսական այս դէպքին, խստիւ կը դատապարտենք ոճրային այս արարքը, այն հաստատ համոզումով ու հաւատքով, որ գէթ Աստուած անպատիժ չի ձգեր Հալէպի պատմական մեծ մզկիթէն այլ աղօթավայրեր ու այսօր Ս. Գէորգ եկեղեցի հաւատքի տուներու դէմ գործուած անմարդկային նման սրբապղծումները»:

Ահաւոր Պայթում` Դամասկոսի
Ժարամանա Արուարձանին ՄէջԴամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը երէկ հաղորդեց, որ Ատհայի տօնին առիթով հաստատուած բխրուն զինադադարի ձախողութեան իբրեւ հետեւանք, անցնող երեք օրերուն ռազմական օդանաւեր յաճախակի սաւառնումներ կը կատարէին Դամասկոսի Հարասթա, Մլեհա եւ արեւելեան արուարձաններուն վերեւ` հարուածելով զինեալներու կեդրոնները:

Իսկ երէկ առաւօտ Դամասկոսի Ժարամանա արուարձանին Ռաուտա թաղամասին մէջ ականուած ինքնաշարժ մը պայթեցաւ` արձանագրելով վեց զոհեր եւ աւելի քան 50 վիրաւոր, ըստ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան. նիւթական ծանր վնասներ կրած են մօտակայ բնակարաններն ու խանութները: Զոհերու շարքին են Ռանա Սալհապ Քալայճեան եւ Ռանա Խաննուֆ Մեխմելճեան: Վիրաւորներու շարքին է հայազգի Անուշ Աբովեան, որ հիւանդանոցին մէջ դարմանում ստանալէ ետք վերադարձաւ տուն:

Յայտնենք որ Ժարամանա շրջանին մէջ կայք հաստատած են մեծամասնութեամբ տիւրզի համայնքի ընտանիքներ եւ քրիստոնեաներ: Վերջին երկու տասնամեակներուն շրջանին մէջ բնակութիւն հաստատած են նաեւ մօտ 400 հայ ընտանիքներ:

Նշենք նաեւ, որ 28 օգոստոսին Ժարամանա շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ ահաւոր պայթում մը, որ խլեց 12 զոհեր եւ տասնեակ մը վիրաւորներ:

Haberin Diğer Resimleri Նոր Գիւղի Ս. Գէորգ Եկեղեցին` Հրոյ Ճարակ

1 2 3





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+