Երկու Հայեր Կը Զոհուին Հալէպի Մէջ - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

08 Ağustos 2012  

Երկու Հայեր Կը Զոհուին Հալէպի Մէջ -

Երկու Հայեր Կը Զոհուին Հալէպի Մէջ Երկու Հայեր Կը Զոհուին Հալէպի Մէջ

Օգոստոս 7ի առաւօտեան, Հալէպի մէջ ընթացող մարտերուն ընթացքին երկու հայ երիտասարդ զոհուած է, իսկ ուրիշ մը՝ վիրաւորուած:

Հալէպի հայ համայնքի ներկայացուցիչները «Թերթ»ին հետ զրոյցի ընթացքին հաստատած են համացանցով տարածուած այս տեղեկութիւնները:

Ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ զոհերէն առաջինին անունը Վիգէն Գալայճեան է, իսկ երկրորդին անունը՝ Ժան Թապաշ:

Վիրաւոր հայ երիտասարդին անունը Մկօ է, սակայն ազգանունը տակաւին յայտնի չէ:

Երիտասարդները զոհուած են քաղաքի հայաբնակ թաղամասերը պաշտպանելու ընթացքին:

Միւս կողմէ՝ Սուրիոյ կառավարութիւնը Հալէպի հայաբնակ թաղամասի բնակչութեան կոչ ըրած է փողոց չ՛ելլելու. արդարեւ, հալէպահայերը Դիմատետր (Ֆէյսպուք) հասարակական կայքի «Հալէպի լրատուական ցանց» էջին վրայ տարածած են յայտարարութիւն մը, ուր երկիրի կառավարութիւնը կոչ կ՛ընէ հայաբնակ թաղամասի վտանգուած բնակչութեան՝ տեղի չտալու տեղափոխութեան կասկածելի առաջարկներուն:

Արաբերէնով տարածուած յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս կ՛ըսուի. «Յոյժ կարեւոր յայտարարութիւն՝ յատկապէս Էլ Ճալա թաղամասի բնակիչներուն համար:

Տեղափոխուելու որոշ առաջարկներ կը տարածուին: Առաջնորդուելով բնակիչներու ու անոնց գոյքի անվտանգութեան խնդիրէն՝ այդ բնակիչները կը յորդորենք տեղի չտալ այդ միտքերուն, մնալ տուներու մէջ, փողոց չ՛ելլել եւ այդպիսով պահպանել իրենց անվտանգութիւնը, ապահովութիւնը, ու առաջնորդուիլ միայն պաշտօնական աղբիւրներով, այլ ոչ թէ լրատուական կայքերով»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+