08 Ağustos 2012
Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ` պետական ռատիօ-հեռուստաընկերութեան շէնքի երրորդ յարկի մէջ« հզօր պայթիւն մը որոտացած է« կը յայտնէ ՙԻԹԱՌ ԹԱՍՍ՚ գործակալութիւնը: Պայթումին հետեւանքով թեթեւ քերծուածքներ ունեցած են 3 աշխատակիցներ: Կան նիւթական վնասներ: Ըստ որոշ տեղեկութիւններու` պայթիւնը պատահած է շէնքին երրորդ յարկին մէջ. հակառակ հեռուստատեսութեան սփռումը չէ կասեցուածª ան շարունակած է գործել: Միւս կողմէ Սուրիոյ վարչապետ Ռիատ Ֆարիտ Հիճապը ազատ կացեցուցած են իր զբաղեցուցած պաշտօնէն, ըստ Սուրիոյ պետական հեռուստաընկերութեան տարածած տեղեկութիւններուն: Հիճապ Սուրիոյ վարչապետի պաշտօնին նշանակուած էր 6 Յունիսին: Մինչ այդ ան կը զբաղեցնէր երկրին գիւղատնտեսութեան նախարարի պաշտօնը: Փոխ-վարչապետ Ճարտարագէտ Ամրօ Ղլուանճի այժմ նշանակուած է վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար