Սուրիոյ Հայութիւնը Կը Մնայ Սուրիական Հայրենիքին Ու Իր Ժողովուրդին Կողքին». Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

22 Temmuz 2012  

Սուրիոյ Հայութիւնը Կը Մնայ Սուրիական Հայրենիքին Ու Իր Ժողովուրդին Կողքին». Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս -

Սուրիոյ Հայութիւնը Կը Մնայ Սուրիական Հայրենիքին Ու Իր Ժողովուրդին Կողքին». Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Սուրիոյ Հայութիւնը Կը Մնայ Սուրիական Հայրենիքին Ու Իր Ժողովուրդին Կողքին». Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Վերջին աւելի քան մէկ տարուան ընթացքին Սուրիոյ հանրապետութեան սահմաններէն ներս տիրող տագնապը մնայուն նիւթ դարձած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան օրակարգին վրայ: Վեհափառ Հայրապետը Բերիոյ թեմի Առաջնորդ Սրբազանին եւ ազգային իշխանութեան ճամբով միշտ իրազեկ կը դառնայ մեր ժողովուրդի իրավիճակին: Անկախ այս բոլորէն, Վեհափառը զանազան առիթներով անցնող տարուան ընթացքին, եւ նոյնիսկ անցեալ շաբաթ, փափաք յայտնեց այցելելու Սուրիա, իր հայրական հոգածութիւնը գործնապէս ցուցաբերելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Ստեղծուած կացութեան լոյսին տակ, մեր համայնքային պատասխանատուները յարմար չնկատեցին Վեհափառին այցելութիւնը: Այսուամենայնիւ, Վեհափառ Հայրապետը միշտ կը յիշեցնէ մեր համայնքային պատասխանատուներուն, թէ ինք ոեւէ ժամանակ պատրաստ է, որպէս հովուապետ այցելելու իր հօտին:

Քանի մը օր առաջ, Բերիոյ թեմի Առաջնորդ Սրբազանին ու ազգային իշխանութեան հետ իր ունեցած հաղորդակցութեան ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց հետեւեալ կէտերը.–

ա) Հայ գաղութին ներքին միասնականութեան ամրապնդումը հրամայական անհրաժեշտութիւն է: Ինչ ալ ըլլան մեր ներքին տարակարծութիւնները կամ զգայնութիւնները, Սուրիայէն ներս ստեղծուած ներկայ մտահոգիչ կացութեան դիմաց մեր համայնքը պէտք է իր միակամութիւնը գործնապէս արտայատէ ու որդեգրէ հաւաքական մէկ կեցուածք` ինչպէս որ էր պարագան լիբանանահայութեան` լիբանանեան տագնապի շրջանին:

բ) Անհրաժեշտ է որ կարիքաւոր ընտանիքներուն օժանդակութիւն կատարուի, նկատի ունենալով երկրէն ներս տիրող տնտեսական տագնապը: Այս ուղղութեամբ Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, թէ որպէս Նախագահ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին ամիսներ առաջ ինքը անհրաժեշտ ցուցմունքները կատարած է Դամասկոսի մէջ հաստատուած Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի օժանդակութեան գրասենեակին: Ան թելադրեց որ անմիջապէս կապ պահեն յիշեալ գրասենեակին հետ, հայ ընտանիքներուն անհրաժեշտ օժանդակութիւն ապահովելու համար:

գ) Վեհափառ Հայրապետը թելադրեց, որ համայնքային պատասխանատուներ միշտ յիշեցնեն մեր ժողովուրդի զաւակներուն` առաւելագոյն չափով հեռու մնալ ոչ–ապահով նկատուող շրջաններէն ու խճողուած վայրերէն, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ հսկողութիւնը կատարեն մեր հաստատութիւններուն, հայահոծ շրջաններէն ներս:

դ) Վեհափառը նաեւ կարեւորութեամբ շեշտեց, որ մեր հոգեւոր ու համայնքային պատասխանատուներ, բոլոր կողմերուն հետ մնայուն կապի մէջ ըլլան` հեռու մնալով ցուցական ու քարոզչական քայլերէ ու միակողմանի մօտեցումներէ:

ե) Բոլոր կողմերուն հետ մեր յարաբերութիւններու ընթացքին մեր մօտեցումը Սուրիայէն ներս տիրող կացութեան գծով պէտք է ըլլայ հետեւեալը.– մեր ժողովուրդը, ըլլայ Սուրիոյ մէջ կամ դուրսը, միշտ երախտապարտ է սուրիական հայրենիքին ու ժողովուրդին նկատմամբ, որովհետեւ թրքական ջարդերէն յետոյ Սուրիան մեր գաղթական ժողովուրդի զաւակները ընդունեց եւ իր հայրենիքը ու հացը բաժնեց անոնց հետ: Վարչակարգերը մնայուն չեն. մնայունը սուրիական հայրենիքն է, իր ժողովուրդը ու անոր գերագոյն շահերը:

զ) Վեհափառը նաեւ յայտնեց, թէ անհրաժեշտ է, որ մեր մօտեցումներուն ու յարաբերութիւններուն մէջ, մեր շրջապատին յիշեցնենք թէ Սուրիոյ մէջ հաստատուած հայերը Սուրիոյ քաղաքացիներ են ու կը շարունակեն մնալ կապուած Սուրիոյ, տէր կանգնելով իրենց պարտաւորութիւններուն ու իրաւունքներուն, նո՛յնիսկ ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ, եւ թէ` Սուրիոյ հայութիւնը դէմ է արտագաղթին: Սուրիոյ հայութիւնը կազմակերպուած գաղութ է եւ կը մնայ այդպէս` միշտ սիրալիր յարաբերութիւն ու գործակցութիւն ունենալով բոլոր համայնքներուն հետ:

է) Վերջապէս, Վեհափառ Հայրապետը թելադրեց, որ հայ կեանքէն ներս թեմական, համայնքային թէ կուսակցական մակարդակներու վրայ մնայուն խորհրդակցութիւններ տեղի ունենան բոլոր շրջաններէն ներս, որպէսզի մեր մօտեցումներն ու աշխատանքները ըլլան ներդաշնակ ու կազմակերպ:

ը) Իմանալով Բերիոյ թեմէն ներս տիրող կացութեան բերումով ազգային վարժարաններուն սպառնացող վտանգին` նիւթական գետնի վրայ, Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ ազգային իշխանութեան թէ պիտի թելադրէ մեր թեմերու Առաջնորդ Սրբազաններուն, որ աշխատանք տանին յատկապէս նախկին սուրիահայերու նիւթական աջակցութիւնը ապահովելու:

Սուրիոյ հայութեան հոգեւոր թէ համայնքային պատասխանատուներ վստահեցուցին Վեհափառ Հայրապետին, որ Սուրիայէն արտագաղթ գոյութիւն չունի: Փաստօրէն` կարգ մը ընտանիքներ մեկնած են Հայաստան իրենց ամառնային արձակուրդը հոն անցնելու եւ ուրիշներ իրենց զաւակները ղրկած են Լիբանան` համալսարանական ուսման համար:

Վեհափառ Հայրապետը եւ Ազգ. Կերոնական Վարչութիւնը կը շարունակեն մօտէն հետեւիլ Սուրիոյ կացութեան ու միշտ պատրաստ են իրենց զօրակցութիւնը ու հոգծութիւնը գործնապէս արտայայտելու:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+