22 Temmuz 2012
Ատրպատականի հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովը իր 7-րդ լիակատար նիստին ընթացքին ընտրեց թեմի 41-րդ առաջնորդը` յանձինս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեանի: Հայր սուրբը վեց ամիսներ առաջ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ նշանակուած էր կաթողիկոսական փոխանորդ եւ իր հոգեւոր ու ազգային ծառայութիւնը կը բերէր թեմի կեանքին:
Անցնող ամիսներուն ընթացքին, Պատգամաւորական ժողովը խնդրամատոյց եղած էր Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ ըստ օրինի առաջնորդական ընտրութիւն կայացնէ թեմին մէջ: Ուստի վեհափառին օրհնութիւնը ստանալէ ետք, տեղի ունեցաւ սոյն ընտրութիւնը եւ Գրիգոր Ծ. վարդապետ միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ առաջնորդ Ատրպատականի հայոց թեմին:
Ընտրութենէն անմիջապէս ետք, Պատգամաւորական ժողովի դիւանը յատուկ նամակով ընտրութեան արդիւնքը հաղորդեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետին` ստանալու անոր օրհնութիւնը: Ապա, նորընտիր առաջնորդը մուտք գործեց դահլիճ եւ շնորհակալութիւն յայտնելով իր անձին նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութեան, տուաւ իր անդրանիկ պատգամը: Հայր սուրբը միասնականութեան եւ գործակցութեան կոչ ուղղեց ներկայ ժողովականութեան` առաւել եւս ծաղկեցնելու համար թեմին կեանքը: