Արցախի Հանրապետութեան Նախագահական Ընտրութիւններուն 66.70 Առ Հարիւրով Կը Յաղթէ Բակօ Սահակեան - Հայերէն
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

22 Temmuz 2012  

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահական Ընտրութիւններուն 66.70 Առ Հարիւրով Կը Յաղթէ Բակօ Սահակեան -

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահական Ընտրութիւններուն 66.70 Առ Հարիւրով Կը Յաղթէ Բակօ Սահակեան Արցախի Հանրապետութեան Նախագահական Ընտրութիւններուն 66.70 Առ Հարիւրով Կը Յաղթէ Բակօ Սահակեան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւններու նախնական տուեալներով 66.70 առ հարիւրով յաղթանակ արձանագրած է Արցախի գործող նախագահ Բակօ Սահակեան:

Երկրորդ տեղը յայտնուած է Վիթալի Բալասանեան, որ, ըստ նախնական տուեալներուն, դեռ հաւաքած է ընտրողներու 32.50 առ հարիւրին վստահութեան քուէն, իսկ Հայաստանի գիւղատնտեսական համալսարանի Արցախի մասնաճիւղի ուսումնական գծով փոխտնօրէն Արկադի Սողոմոնեան նախնական տուեալներով հաւաքած է 0.84 առ հարիւր ձայն:

Ընտրութիւններու աւարտին Արցախի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը արձանագրած էր ընտրողներու 73 առ հարիւր մասնակցութիւն:

Շնորհաւորական ՈւղերձներՀայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ շնորհաւորական ուղերձ յղեց Արցախի վերընտրուած նախագահ Բակօ Սահակեանին. «Ձեր համոզիչ յաղթանակը ընտրութիւններուն վերահաստատումն է Արցախի ժողովուրդի պատմական ընտրութեան եւ անշրջելի ընթացքի` դէպի քաղաքական ազատութիւն, ժողովրդավարութիւն եւ ազգային ու համամարդկային արժէքներու վրայ հիմնուած հասարակութիւն: Ասիկա Հայաստանի, Արցախի եւ համայն հայութեան ընդհանուր ճամբան է: Մենք զայն անցած ենք եւ կ՛անցնինք միասին», ըսաւ նախագահ Սարգսեան իր ուղերձին մէջ:

Շնորհաւորական ուղերձ յղեց նաեւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս: Ան մասնաւորաբար նշեց, որ «վստահ ենք, որ հայրենասէր ու ազգասէր նոյն ոգիով եւ պետական գործունէութեան մէջ հարուստ փորձառութեամբ պիտի շարունակէք ձեր գովարժան գործունէութիւնը` յանուն մեր ժողովուրդի նոր յաղթանակներու եւ ձեռքբերումներու կերտման, Արցախի միջազգային ճանաչման ու անշրջելի յառաջընթացին»:

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան իր շնորհաւորական ուղերձին մէջ նշեց, որ վերընտրուելով պետութեան ղեկավարի պաշտօնին վրայ` Սահակեան պիտի շարունակէ Արցախի պետականութեան ամրապնդման ու յառաջընթացին ուղղուած քայլերու իրականացումը:

Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան իր կարգին շնորհաւորական ուղերձի մը մէջ նշեց. «Արցախի ժողովուրդը անգամ մը եւս ձեզի վստահեցաւ իր ապագան, անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովումը, զարգացումն ու հզօրացումը: Ձեր կեանքի ամբողջ ընթացքը անմնացորդ պայքար է յանուն Արցախի ազատագրման եւ անկախ պետականութեան հզօրացման»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+