22 Temmuz 2012
19 յուլիսին Հայաստանի կառավարութիւնը փակ նիստով քննարկած է սուրիահայերուն առնչուած խնդիրներ: Այս մասին news.am լրատուական կայքէջին յայտնած է Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Հրայր Թովմասեան: Անոր համաձայն, կարգ մը նախարարներու արդէն համապատասխան յանձնարարականներ տրուած են:
Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արտեմ Ասատրեան ըսած է, որ ստեղծուած է աշխատանքային խումբ` նախարարութեան աշխատակիցներուն մասնակցութեամբ: Անոր պարտաւորութիւնը պիտի ըլլայ աշխատանք ապահովելու հարցերուն լուծում տալ: