22 Temmuz 2012
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով երէկ ազրպէյճանցի լրագրողներուն յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հերթական հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբերի վերջին շաբթուան ընթացքին:
Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Նիւ Եորքի մէջ` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի հերթական նստաշրջանին շրջագիծին մէջ:
Հանդիպումէն առաջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները առանձին-առանձին պիտի բանակցին նախարարներուն հետ:
Մամետեարով նշած է, որ համանախագահներուն հետ այդ հանդիպումներուն ժամկէտներն ու վայրերը կը ճշդուին, անոնք տեղի պիտի ունենան տարբեր օրերու ընթացքին` եւրոպական քաղաքներու մէջ