08 Nisan 2012
ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ
Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԾ ՊԱՏԳԱՄԸ
Հաւատովք ճանաչել զնա՝
եւ զզօրութիւն յարութեան նորա
(Փիլիպպեցիս Գ.10)
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ։
Գոհութիւն եւ փառք Ամենակալին Աստուծոյ, որ այս տարի եւս արժանացանք ողջունելու եւ հոգեւոր հրճուանքով բաժնելու Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան աւետիսը։
Քրիստոսի երեքտասաներորդ առաքեալը Սուրբ Պօղոս, իր նամակներուն մէջ շեշտած է Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան կարեւորութիւնը, մանաւանդ կեանքի նոր ուղիի մը որդեգրման որոշում կայացնելու հանգրուանին։ Հետեւելով Ս. Պօղոս Առաքեալի կը սորվինք, թէ առանց Յարուցեալ Փրկչին կարելի չէ հին կեանքի ընթացքը վերջակէտով մը ընդհատել եւ նոյն պահուն բանալ՝ ջինջ եւ մաքուր էջ մը կեանքի, արձանագրելու համար որդեգրուած Աստուածահաճոյ ապրելակերպին ընձեռած օրհնեալ եւ պտղաբերեալ պահերը։
Ս. Պօղոս Առաքեալ Քրիստոսի Ս. Յարութեան մասին կը գրէր, իր կեանքի փորձառութեամբ։ Ան, §ութօրեայ թլփատուած Իսրայէլացի, Բենիամինի ցեղէն, զտարիւն Եբրայեցի եւ օրինապահ Փարիսեցի¦ Տարսոնացի Սօղոսն էր (Փիլիպպեցիս 3.5-6), որ նաեւ ունէր Հռովմէական Կայսրութեան քաղաքացիութեան կարեւոր առանձնաշնորհումը։ Գուցէ իր կեանքի նախաքրիստոնէական շրջանին, Հռովմէական Կայսրութեան այլ քաղաքացիներուն նման, ինք եւս ոյժի եւ զօրութեան գաղափարներուն կարեւորութիւն կ՚ընծայէր։ Եւ իր ունեցած անհատական ստորոգելիներով սպառազինուած, յարձակողական դիրք կը գրաւէր ընդդէմ անոնց, որոնք հաւատացած էին Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան եւ իրենց կեանքը հաստատած՝ հաւատքի վէմին վրայ։։
Սակայն Սօղոս, իր ապաւինած անհատական այդ բոլոր ստորոգելիներէն կը հրաժարէր եւ զանոնք մէկդի կը թողուր։ Այն աստիճան, որ ան §կը պարծենար միայն խաչով ու աշխարհը իր անձին համար, իսկ իր անձը աշխարհի համար խաչուած¦ յայտարարելով (Գաղատացիս 6.14)։ Հալածիչէն Կեանքի Խօսքի քարոզիչ մը կը յառաջանար։ Շատերու համար զարմանալի եւ ոչ-հաւատալի այս իրողութիւնը կեանքի վերածուած էր այլ զօրութեան մը յայտնութեամբ։ Տեսիլքի մէջ յայտնուած Քրիստոսի արտասանած երկու նախադասութիւնը բաւարար եղած էր, որ Սողոսի աշխարհիկ ստորոգելիներուն զօրութիւնը փուլ գար, անէանար եւ աղբի վերածուէր (Փիլիպպեցիս 3.9)։ Յարուցեալ Փրկչին տեսիլքը կեանքի նոր ուղի մը կը բանար անձի մը առջեւ, որ Քրիստոնեաները հալածելը, քարկոծելը ու նեղելը պաշտամունքի համազօր կը նկատէր։
Ս. Պօղոս Առաքեալ իր ընդգրկած կեանքի նոր ուղիին մէջ բուռն փափաքը ունէր §ճանչնալու Քրիստոսը եւ Անոր Յարութեան զօրութիւնը¦։ Ան շատ լաւ գիտէր, թէ ի՜նչ կը նշանակէր Քրիստոսը ճանչնալու հետամտիլ։ Ի՜նչ կը նշանակէր Քրիստոսը, մանաւանդ Անոր Յարութիւնը քարոզել։ Սակայն հակառակ ժխտական բոլոր երեւոյթներու, ան ունեցաւ քաջութիւնը յայտնելու, թէ ինք պատրաստ էր §մասնակից դառնալու Քրիստոսի չարչարանքներուն, կերպարանակից՝ անոր մահուան, հասնելու համար մեռելներէն յարութիւն առնելու¦ (Փիլիպպեցիս 3.10)։ Յիսուս Քրիստոսով մկրտուած իւրաքանչիւր երախայ, առանց սեռի, ցեղի, ազգի խտրութեան մկրտուած է Անոր մահով։ Մկրտութեամբ Անոր հետ թաղուած է մահուան մէջ, ու յարութիւն առած՝ Անոր հետ։
Քրիստոնէութեան հիմնական հաւատքի սկզբունքն ու կորիզն է Քրիստոսի Սուրբ Յարութիւնը։ Յարութեան նկատմամբ սնուցուած հաւատքը կենդանութեան շունչ է անոնց համար, որոնք խոր համոզումով անոր մէջ կը տեսնեն իրենց կեանքը Աստուածահաճոյ ընթացքով շարունակելու զօրութիւնը։ Յարութեան ճշմարտութիւնը ունի այնպիսի զօրութիւն մը, որ կը վանէ այն ամէն ինչը, որ միայն մարդուն երկրաւոր կեանքին համար օգուտ կրնայ բերել եւ ոչ մէկ ձեւով կրնայ օգտակար ըլլալ անոր յաւիտենական կեանքին։ Քանի որ ի վերջոյ այդ բոլոր ստորոգելիները պիտի մնան աշխարհի մէջ ու մարդը իր հետ պիտի տանի միայն իր հաւատքէն ձեռքբերած պտուղները։
Իւրաքանչիւր անձ կանչուած է հասնելու յաւիտենական կեանքին, որ աշխարհի սկիզբէն պատրաստուած է սուրբերուն, մաքրակենցաղ անձերուն համար։ Քրիստոս շատ ցաւ կրեց, մեզի համար։ Խաչուեցաւ՝ որպէս Աստուծոյ Անարատ Գառնուկը, իր հետ խաչելով նաեւ մեղքով լղրճուած հին մարդը։ Մեռաւ Ան, որ Աստուծոյ Մարմնացեալ Խօսքն էր ու Կեանքին սկզբնապատճառը, որպէսզի հին մարդը եւս մեռնէր իր մեղքերով։ Թաղուեցաւ՝ որպէսզի հին մարդը մնար երկրի ընդերքին մէջ։ Երրորդ օրը յարութիւն առաւ, որպէսզի մեղքով թաղեալ հին մարդը վերանորոգուելով նոր մարդ դառնար։ Աստուծոյ յանձն առած մեծ զոհողութեան դէմ մենք ի՞նչ ունինք տալու որպէս տրիտուր, եթէ ոչ ձերբազատուիլ մեր մարդկային տկարութիւններէն ու հաւատքով փարիլ Աստուծոյ Միածին Որդիին, լաւագոյնս ճանչնալու համար զԱյն եւ Իր Յարութեան զօրութիւնը։
Մեր հայրերը ապրեցան այս հաւատքով ու յոյսով լեցուած՝ ապաւինեցան Սուրբ Յարութեան հրաշագեղ զօրութեան։ Իր հաւատքին համար տառապած, նեղուած, զրկանքներու մատնուածներ նոյն հաւատքով արժանացան ականատեսները ըլլալու վերանորոգման եւ վերակերտման։ Այդ առաքելութեան մէջ Եկեղեցին ունեցաւ իր բարերար դերը, քաջալերելով ու մխիթարելով ժողովուրդը Սուրբ Յարութեան քարոզութեամբ։ Այսօր բոլորս կը հրաւիրուինք լաւ կարդալու Աստուծոյ խրատը, ուղղեալ Եգիպտոսի գերութենէն ազատած ժողովուրդին. §Քու անձիդ զգուշութիւն ըրէ, չըլլայ որ քու Տէր Աստուածդ մոռնաս որ Եգիպտացիներու երկրէն քեզ հանեց…Սրտիդ մէջ մի ըսէր թէ հարստութիւնը իմ կարողութիւնովս ու իմ ձեռքիս ուժովը վաստկեցայ. Եթէ քու Տէր Աստուածդ մոռնալով ուրիշԱստուածներու ետեւէ երթաս՚ես այսօր կը վկայեմ, թէ դուք բոլորովին պիտի կորսուիք¦ (Բ. Օրինաց 8.11-20)։ Բոլորս կանչուած ենք հաւատարիմ մնալու մեր Մօր՝ Քրիստոսի Մարմինը՝ Եկեղեցիին ու զայն պահել անարատ եւ զօրաւոր։ Եկեղեցւոյ առողջ գոյատեւումը կը պարտադրէ հաւատքով փարիլ անոր արժէքներուն։ Այդ արժէքները պահելու, ուռճացնելու եւ վերարտադրելու համար նախ կարեւոր է ունենալ անսակարկ նուիրումի ոգի, զօրացած ու ամրացած՝ հաւատքի արիութեամբ. յոյսով լեցուած սիրտ, պսակուած՝ Աստուծոյ նկատմամբ անխառն սիրով։
Քրիստոսի Ս. Յարութեան տաղաւարին կը շարունակենք աղօթել Ս. Պօղոս Առաքեալի բառերով. §Աստուած, փառքի Հայրը մեզի տայ իմաստութեան եւ յայտնութեան հոգի որպէսզի զինքը ճանչնանք։ Թող լուսաւոր դարձնէ մեր սրտին աչքերը, որպէսզի հասկնանք թէ ի՞նչ է անոր կոչումին յոյսը, ինչ է անոր ժառանգութեան փառքի մեծութեան առաւելութիւնը մեզի՝ հաւատացողներուս համար, ըստ իր ամենակարող զօրութեան յաջողութեան զոր ի գործ դրաւ Քրիստոսով, երբ մեռելներէն յարութիւն տուաւ անոր եւ նստեցուց զայն իր աջ կողմը, երկնային տեղերուն մէջ¦ (Եփեսացիս 1.17-22)։
Ինչպէս միշտ, Քրիստոսի Ս. Յարութեան տաղաւարին եւս հաւատքով, յոյսով եւ սիրով կը շարունակենք աղօթել մեր սիրելի Հոգեւոր Պետին՝ Ն. Ա. Տ. Մեսրոպ Բ. Ս. Պատրիարքին համար։ Վստահ ենք, որ իբրեւ նշան հաւատքի միութեան հաւատացեալներ եւս կու գան միանալ մեզի, ապաւինելով աղօթքի զօրակցութեան։
Ս. Յարութեան լոյսով լուսաւորուած ապրինք Զատկական ուրախութիւնը, գոտեպնդուինք իրարու եւ զիրար ողջունենք աւանդական աւետիսը տարածելով.
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
Սուրբ Զատկի կենսանորոգ տօնին առիթով օրհնութեամբ կը շնորհաւորենք Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներն անխտիր, եւ քրիստոսաւանդ ջերմագին սիրով կ՚ողջունենք մեր Սրբազան եղբայրները, Միաբան Հայրերը, Քահանայից Դասը, Գալֆայեան Ուխտի Քոյրը, Սարկաւագաց եւ Դպրաց Դասերը, Աթոռոյս Տնտեսական Յանձնախումբի անդամները, Տիկնանց եւ Երիտասարդաց կազմերու անդամները, Գործածուած Զգեստներու եւ Իրեղէններու Վերարժեւորման Յանձնախումբի անդամները, Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւնը, Բժշկապետութիւնը, Բժշկաց Դասն ու Բոյժքոյրերը, Համայնքային Հաստատութեանց Խնամակալութիւնները, Թաղային Խորհուրդները, Տիկնանց Յանձնախումբերը, մեր համայնքային վարժարաններու Տնօրէններն ու Հիմնադիրները, Հոգաբարձութիւնները, Ուսուցչաց Դասը, Աղքատախնամ Մարմինները, Սանուց Միութիւնները եւ բոլոր մարդասիրական ու մշակութային մարմինները, Հայ Մամլոյ Խմբագիրները եւ ողջ անձնակազմը, մեր համայնքային հաստատութեանց ազնիւ բարերարները եւ համայն հաւատացեալ եւ սիրեցեալ մեր ժողովուրդը մաղթելով բոլորին երջանիկ Սուրբ Յարութեան տօնակատարութիւն, ինչպէս նաեւ եկեղեցաշէն, կրթանուէր եւ բարեսէր գործունէութեանց լիակատար յաջողութիւն։
Ս. Յարութեան Տօնին առիթով կը շարունակենք աղօթել վասն բարօրութեան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնին ու որդիական ակնածանօք կը շնորհաւորենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Կաթողիկոսը, եւ իր անձին մէջ Մայր Աթոռի ողջ Միաբանութիւնը եւ այս առթիւ կը հայցենք, որ Նորին Սրբութիւնը եւս շարունակէ աղօթել Նորին Ամենապատուութիւն Պատրիարք Հօր առողջութեան համար։
Նոյն հոգեւոր ուրախութեամբ մեր շնորհաւորութիւնները կը յղենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Կաթողիկոսին ու Կաթողիկոսութեան Միաբաններուն։
Նոյնպէս մեր շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները կը յղենք Երուսաղէմի Ն.Ա.Տ. Թորգոմ Պատրիարքի ու Սրբոց Յակոբեանց Միաբաններուն։ Այս առթիւ կը հաւաստիացնենք թէ մեր հոգեւոր դասը կ՚աղօթակցի Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութեան վասն առողջութեան եւ թանկագին կենաց Ն.Ա.Տ. Թորգոմ Պատրիարք Հօր։
Եղբայրական ողջոյնով կը շնորհաւորենք Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր առաքելագործ վիճակաւորները տօնական յուսալից աւետիսով.
Յարութեան շնորհաւորութիւնները կը յղենք նաեւ բոլոր քոյր Քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներուն, հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն, գլխաւորաբար Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներուն։
Հայրական սիրոյ ջերմագին ողջոյններ կ՚առաքենք Սփիւռքի տարածքին գտնուող Պոլսահայ, Սուրբ Խաչ Դպրեվանք, Կեդրոնական, Էսայեան, Մխիթարեան վարժարաններու Միութիւններուն եւ արտասահմանի բարեպաշտ եւ եկեղեցանուէր մեր ժողովուրդին, որոնք սփիւռքեան պայմաններուն ներքեւ կը փորձեն պահել մեր աւանդութիւնները, միանգամայն հոգեւոր եւ տոհմիկ կապ պահելով իրենց ծննդավայրին հետ։
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ,
ՃՇՄԱՐՏԱՊԷ՛Ս ՅԱՐԵԱՒ. ԱԼԷԼՈՒԻԱ
Սիրով ի Քրիստոս,
ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ