31 Mart 2012
ԼՈՍ ԱՆՃԷԼԸՍԻ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԵՑԱՒ «ՊՈԼՍՈՅ ՑՈԼԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒ» ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ԳԻՇԵՐԸ
Գրեց՝ Մարիէթ Մինասեան-Օհանէս
Շաբաթ, Մարտ 24 ի գիշերը Պոլսահայ Միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքչիւօղլու» սրահը յորդեցաւ խուռներամ հանդիսատեսներով որոնք եկած էին ունկնդրելու Պոլսահայ երգչուհի Սիպիլի հայերէն երգերու ճոխ փունջը:
Ներկայ էին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Վէն Նայսի Ս. Պետրոս Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Շնորհք Ա. Քհնյ. Տէմիրճեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր Հիւպատոս վսեմաշուք՝ Գրիգոր Յովհաննիսեան, մեծայարգ հիւրեր, Քոյր Միութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ Մամլոյ ներկայացուցիչներ, Միութեան անդամներ եւ համակիրներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Պոլսահայ Միութեան Գործադիր Մարմնի Վարչութեան ատենապետ՝ Տոքթ. Արթօ Էրսան Խաչերեան որ իր ուրախութիւնը յայտնեց որովհետեւ այդ օր Լոս Անճէլըսի Պոլսահայ Միութիւնը դարձեալ իր յիշատակելի օրերէն մին ապրեցաւ Միութեան գեղեցիկ նորակառոյց շէնքին մէջ առաջին անգամն ըլլալով այսպիսի խուռն բազմութեամբ ձեռնարկով մը հանրութեան ներկայանալով, վայելելու Պոլսահայ ծանօթ երգչուհի՝ Սիպիլի հայերէն երգերու ճոխ փունջը, ընկերակցութեամբ տաղանդաւոր դաշնակահար՝ Պուրակ Պէտիքեանի եւ ծանօթ ֆիլմարտադրիչ՝ Էրիք Նազարեանի, մրցանակակիր «ՊՈԼԻՍ» ժապաւէնի ցուցադրութեան, որոնք հայ ազգին պատիւ բերող արուեստագէտներ են: Ան իր շնորհակալութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց սոյն ձեռնարկը իրականացնող Միութեան տարբեր Յանձնախումբերու գործակցութեան: Ապա բեմ հրաւիրեց այդ գիշերուայ հանդէսի երկու խօսնակները՝ Պոլսահայ Միութեան Երիտասարդաց Յանձնախումբի փոխ ատենապետուհի՝Օրդ. Նիքոլ Պէրքշանլար եւ Ե.Ա.Ն.(Հայ Երիտասարդներու Համացանց) Յանձնախումբի ատենապետ՝ իրաւաբան Սեւակ Շիրվանեան, որպէսզի ներկայացնեն օրուայ յայտագիրը: Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին ձեռնարկը հովանավորողներուն, ծանօթացուցին հիւրերը որոնց կարգին էին Դատաւոր Զաւէն Սինանեան, Արման Արապեան, Արա Եսայեան եւ Գարմէն Լիպարիտեան: Նիքոլ բարձր կորովով եւ սրամտութեամբ նաւարկեց հանդիսավարի իր դերին մէջ, իսկ Սեւակ լուրջ ձեւով վարեց երեկոն, ծանօթացնելով օրուայ երգչուհին Սիպիլը՝ հրաւիրելով զայն նաեւ տաղանդաւոր դաշնակահար՝ Պուրակ Պէտիքեանը: Երգացանկի առաջին բաժնով ան երգեց «Տեսնեմ Անին», «Նամակ», «Իմ պանդուխտ հայեր», «Ծարաւ սէրի», «Կիլիկիա», «Իմ անուշ տաւիղ»: Սիպիլ իր ջինջ ու մաքրամաքուր ձայնը հնչեցուց սրահին մէջ, երգեց, ճոխացուց, տարաւ մեզի հեռաւոր Հայաստան, Պոլիս եւ Կիլիկիա, հանդիսատեսները սիրային թեւերով ճախրեցին դէպի անհունին ոլորտը, դիւթեց ու հմայեց, արբեցուց ու վերացուց, մէկ խօսքով, հմայք յորդեցաւ անոր կախարդական ձայնէն:
Բեմ հրաւիրուեցաւ հանրածանօթ բեմագիր եւ բեմադրիչ Էրիք Նազարեանը որ իր հակիրճ կենսագրականը ինչպէս նաեւ իր պատրաստած «Պոլիս» խորագրով շարժապատկերին մասին ալ կարճ բացատրութիւն մը տալէ ետք 20 վայրկեան տեւողութեամբ ցուցադրուեցաւ ան, որ ամբողջովին նկարահանուած է Պոլսոյ մէջ եւ որ կ՛առնչուի Ցեղասպանութենէն վերապրողի մը թոռնիկին Պոլիս այցելութեան՝ իր մեծ հօր հետքերը գտնելու նպատակով, եւ այդ «վերադարձ»ին հետ կապուած հոգեբանական բարդութիւններուն: Էրիք Նազարեան ներկայացուց շարժապատկերը պատրաստելու շարժառիթը՝ ըսելով, թէ անոր մղիչ ուժը եղած էր Հրանդ Տինքի սպանութիւնը՝ Պոլսոյ երաժշտական կեանքին մէջ հայութեան բերած կարեւոր ներդրումը լուսարձակի տակ առնելու փափաքին կողքին: Շարժապատկերը Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը կը քննէ հայ երաժիշտի մը եւ հնութիւններ ծախող թուրքի մը միջեւ ստեղծուած կապին միջոցաւ: «Պոլիս» կարճ շարժապատկերը վերջերս շահած էր «Արփա» շարժապատկերի փառատօնին Լաւագոյն կարճ շարժապատկերի մրցանակը:
Հանդիսավարներուն հարցումներուն՝ շարժապատկերին մէջ ուտ գործածելու ներշնչման պատճառին մասին Էրիք Նազարեան պատասխանեց ըսելով թէ, մանկութենէն ի վեր սիրած է այս նուագարանը որ հին պատմութեան վերակենդանացումն է որ կը խորհրդանշուի այնտեղ: Նաեւ ան բացատրութիւն տուաւ թէ մեր մշակոյթի արմատները Պոլիս է: Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի, Գրիգոր Զոհրապի յիշատակներն ու հոգին իր ուսերուն կանգնած են, մեր պատմութիւնը շարժապատկերին միջոցաւ է որ կը տեսնուի եւ այդ միջոցաւ է որ մեր նախնիները կը յարգենք:
Ապա բեմ բարձրացաւ Պոլսահայ Միութեան Հոգաբարձական Մարմնի ատենապետ՝ Իրաւաբան Էտվին Մինասեան որ իր ուրախութիւնը յայտնեց այսպիսի գիշերուայ մը կազմակերպութեան համար որ միացումն էր երգարուեստին եւ հայ մշակոյթին կեդրոնն ըլլալով Պոլիսը: «Թէեւ անցեալին մեր մշակոյթը բնաջնջուեցաւ, սակայն մեր հայրենիքին մէջ անոր պլպլացումները սկսած են լուսաւորուիլ, Հայ մշակոյթը դարձեալ հեռանկարի վրայ է եւ Հրանդ Տինքը աւելի եւ աւելի կը ծաղկի» ըսաւ ան:
Բեմ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը որ իր սրտի խօսքով ըսաւ. «Այս երեկոն տարբեր է: Մենք բազում ձեռնարկներու ներկայ եղած ենք, զգացինք ինչպէս Պոլսոյ մէջ էինք: Պոլսոյ թաղերուն մէջէն քայլելով զգալով ձայնը, արձագանգումը, մեր հայրերուն խօսքը, նոյն զգացումը ունեցանք մեր մէջ, ամփոփուած պայթուցիկ կերպով այս երեկոյ այս շարժապատկերին մէջէն անգամ մը եւս եկաւ եւ հաղորդութիւն դարձաւ մեր մէջ, պատմութեան զգացումով: Այս շարժապատկերին մէջէն այլ պատգամներ կու գան մեզի, արդարամտութեան եւ պահանջատիրութեան մէջ դնելով մեր ժողովուրդը, նոյն ինքն ասոր մէջէն է որ հայ մարդը այսօրուայ կեանքի իրականութեան մէջ կրնայ յաջողիլ իր արուեստով, իր գրականութեամբ եւ մեր պարտքն է ոչ միայն հարստանալ, այլ՝ գործնական կերպով ցոյց տալ եւ տեսիլքներու զօրակցութեամբ ցոյց տալ որ իր երազները եւ տեսիլքները մեր երազը եւ մեր տեսիլքը դառնայ: Աղօթք կը բարձրացնենք առ Աստուած որ մնաք քաջ եւ հպարտ: Սրբազանը գնահատանքի խօսք ուղղեց Պոլսահայ Միութեան, նման միջոցառում մը կազմակերպած ըլլալլնուն համար, հանրութեան ցոյց տալով այս շարժապատկերը:
Ապա ան Պոլսահայ Միութեան կողմէ գնահատանքի յուշանուէրներ յանձնեց, Սիպիլին, Պուրակ Պէտիքեանին եւ Էրիք Նազարեանին: Շնորհակալութիւն յայտնելով Միութեան Տիկնանց եւ Ընկերային Ձեռնարկներու Յանձնախումբին:
Իսկ բեմադրիչ Էրիք Նազարեան Գառնիի Գեղարդի պատկերը նուիրեց Պոլսահայ Միութեան:
Դարձեալ բեմ բարձրացան Սիպիլ եւ դաշնակահար Պուրակ Պէտիքեան, որոնք ներկայացուցին երգերու այլ փնջիկ մը «Կեանքի մի համար», «Սիրոյ Ձայնը», «Ատանայի ողբերգ», «Բարի Արագիլ», «Տեսնեմ Անին ու նոր մեռնեմ» եւ «Երեւան Էրէբունի»: Պուրակ Պէտիքեանի դաշնակի նուագի բարձր մակարդակը իսկապէս որ եզակի եւ տաքուկ էր եւ ունէր իր իւրայատուկ փայլքը:
Յանձնուեցան ծաղկեփունջեր Պոլսոյ Ս. Վարդանանց երգչախումբին եւ Լոս Անճէլըսի Պոլսահայ Միութեան կողմէ:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն:
Իսկապէս որ անմոռանալի արուեստի երեկոյ մըն էր ուր Սիպիլ կրցաւ հանդիսատեսներուն հանդէպ երգարուեստը յաջողապէս վերածել բարի դեսպանի եւ սուրհանդակի:
Նշենք թէ Սիպիլ վերջին մէկ տարուան մէջ անօրինակ հռչակ ապահովեց «Սիպիլ» կոչուած իր անդրանիկ ձայնապնակով եւ որուն համբաւը տարածուեցաւ ամբողջ հայաշխարհէն ներս, առաջնութեան մրցանակի արժանի նկատուեցաւ Մոսկուայի մէջ «Արմէնիա» երաժշտական 7րդ մրցանքին կողմէ։ Սիպիլ Մոսկուա հրաւիրուեցաւ, որպէսզի ներկայ գտնուի մրցանակաբաշխութեան հանդէսին եւ անձամբ ստանայ իր պարգեւը։ Մրցանակաբաշխութեան հանդէսը պիտի կայանայ Ապրիլ 7ին, Մոսկուայի «Ռուսիա» թատերասրահին մէջ եւ հանդիսութիւնը պիտի հաղորդուի նաեւ Հայաստանի «Հ-1» հեռատեսիլի կայանէն։ Այս մրցումը կը կազմակերպուի Հայաստանի եւ Ռուսիոյ մշակութային նախարարութեանց, Մոսկուայի մօտ Հայաստանի դեսպանատան եւ Հայաստանի «Հ-1» հեռատեսիլի կայանին կողմէ, «Արմէնիա Փրոտաքշըն» կազմակերպութեան միջնորդութեամբ։ Իսկ Նիւ Եորքի մէջ Մարտ 31ին պիտի ներկայացնէ այլ համերգ մը:
Garbis Sarafian
Los Angeles