10 Şubat 2012
Eastman Kodak ընկերութիւնը դուրս կու գայ թուային լուսանկարչական սարքերու շուկայէն: Այս մասին կը գրէ «Պի.Պի. Սի.»ն:
133 տարուան պատմութիւն ունեցող ընկերութիւնը նաեւ յայտարարած է, որ կը դադրեցնէ տեսախցիկներու եւ թուային display-երու արտադրութիւնը:
Աւելցնենք, որ Kodak-ը մտադիր է իր ուժերը կեդրոնացնել ընկերութեան համար աւելի ձեռնտու ոլորտներու մէջ, ինչպիսիք են լուսանկարներու պատճէնահանումը եւ թանաքային տպիչներու արտադրութիւնը: