05 Şubat 2012
Այս տարի հայ առաքելական եկեղեցին Փետրուարի 4ին կը տօնէ Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնը, որուն ընդառաջ այս Փետրուար 3-4 լուսցող գիշեր բոլոր չամուսնացած երիտասարդները քնանալէն առաջ կրնան աղաբլիթ ուտել եւ տեսնել իրենց ապագայ կողակիցը:
Սուրբ Սարգսի տօնը մեր օրերուն հռչակուած է իբրեւ երիտասարդներու օրհնութեան օր: Սուրբ Սարգիսը կը համարուի սիրոյ բարեխօս: Ըստ աւանդոյթի` Ս.Սարգիս զօրավարը իր որդի` Մարտիրոսի եւ 14 քաջ մարտիկներու հետ նահատակուած է յանուն քրիստոնէական հաւատքի: Հաւատացեալները նահատակներու մարմինները կ’ամփոփեն Համիան քաղաքի մէջ: Սակայն յետագային Ս. Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետը Ս. Սարգիսի մասունքները կը բերէ Կարբի (Աշտարակի շրջան) այնտեղ կառուցելով անոր անունը կրող եկեղեցի:
Տօնը Փետրուար 4ին է, սակայն այսօր արդէն Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ շրջակայ տարածքին երիտասարդ աղջիկներու ու տղաներու պակաս չկար: Տարածքին տեղ գտած նաեւ աղաբլիթներ վաճառողներ, անոնք առիթէն օգտուելով վաճառքի հանած էին տարբեր խորհրդանշական իրեր:
Այն հարցին, թէ փոքրիկ աւելները` նուռերով զարդարուած, ցորենի հասկերն ու զանազան ծաղիկները ինչ կապ ունին տօնի հետ, վաճառողներէն Փիրուզ անունով մէկը պատասխանեց. «որ կապ չունենար, ինչի պէտք է վաճառէինք: Օրինակ աւելը, նուռը միութեան նշան են: Առէք, տարէք, թող ձեր ընտանիքներում միութիւն լինի»:
Բացի աղաբլիթներէն այստեղ գրեթէ իւրաքանչիւր յուշանուէրի գինը կը սկսէր 500 դրամէ եւ կը հասնէր մինչեւ 1000 դրամ: Օրուան խորհրդանիշ աղաբլիթներու գինը 50-150 դրամ էր: Վաճառողուհիներէն ոմանք մրցակցութեան մէջ յաղթելու համար բարեմաղթանքներ գրած էին ու դրած աղաբլիթներու հետ: Օրինակ` «հաւատայ քո սիրուն»:
Ի դէպ, նշենք, որ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ տարածքին «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան երիտասարդները անվճար աղաբլիթներ կը բաժնէին բոլոր երիտասարդներուն ինչը կը վրդովեցնէր աղաբլիթ վաճառող կանաց:
http://tert.am/hy/news/2012/02/03/surb-sargis-ton/