Թէ Ինչո՛ւ Պէտք Է Հայացնել Մեր Թրքաբոյր Մականունները - Gündem
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Արփող

Gündem :

04 Şubat 2012  

Թէ Ինչո՛ւ Պէտք Է Հայացնել Մեր Թրքաբոյր Մականունները -

Թէ Ինչո՛ւ Պէտք Է Հայացնել Մեր Թրքաբոյր Մականունները Թէ Ինչո՛ւ Պէտք Է Հայացնել Մեր Թրքաբոյր Մականունները

Մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Սարգիս Մանուկեանի պատասխանը Թերթ.am-ի մէջ հրապարակուած տնտեսագէտ, Եւրոպական միութեան գիտութիւններու մասնագէտ, Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի աշխատակից Պետօ Տէմիրճեանի (Պրիւքսել) “Ինչո՞ւ Պէտք Չէ Մեր Թրքական Մականունները Հայացնել” յօդուածին:

Ընկերական տարբեր շրջանակներու մէջ ունեցած իմ շփումներուս ընթացքին այս հարցը բազմաթիւ անգամներ խօսակցութեան առարկայ եղած է, եւ այս ուղղութեամբ եղած են թեր ու դէմ կարծիքներ։ Իմ ունեցած տպաւորութիւններէս մեկնելով՝ թրքաբոյր մականունները փոխելու եւ հայացնելու մեծագոյն հակառակութեան պատճառաբանութիւնը եղած է հետեւեալը. «Եղբա՛յր, այս մականունը իմ մեծ հօրմէս եկած է եւ ես չեմ կրնար դաւաճանել իմ մեծ հօրս թողած ժառանգին»։ Ուրիշ մը հետեւեալ արտայայտութիւնը կ՛ունենայ. «Պարո՛ն Սարգիս, կրօնք կը փոխուի, բայց մականուն չի փոխուիր»:

Արտայայտութեան նմանօրինակ այս ձեւերը կը յայտնեն ինքնութեան հետ կապ ունեցող զգացումներ։ Մարդիկ, որոնք իրենց ինքնութիւնը կը տեսնեն իրենց մականուններուն առթած խորհուրդով։

Կը յարգեմ հայ մարդոց զգացումները այս հարցին ուղղութեամբ եւ ոչ մէկ կասկած ունիմ իրենց հայրենասիրութեան կամ աւելի ճիշդ՝ իրենց ազգասիրութեան նկատմամբ:

Այնուամենայնիւ, հարցը հետեւեալն է.

Այս թրքաբոյր մականունները, որոնք մեզի հասած են մինչեւ օրս, ընդհանրապէս արեւմտահայերուս մօտ, ի՞նչ պայմաններու տակ սկիզբ առին եւ ինչո՞ւ Ցեղասպանութէնէն անդին իսկ իրենց գոյութիւնը շարունակեցին:

Եթէ պահ մը քննական աչքով դիտենք երեւոյթը, թրքաբոյր այս մականունները ընդհանրապէս կը կրեն հայ մարդիկ, որոնց նախնիները տարագրուած են կա՛մ Կիլիկիայէն, կա՛մ Արեւմտեան Անատոլուէն: Վասպուրականի, Էրզրումի, Տարօնի, Խարբերդի շրջաններու հայութիւնը, մէկ խօսքով՝ հայկական բարձրաւանդակի հայութիւնը ընդհանրապէս կը կրէր մաքուր հայկական մականուններ։ Հայկական բարձրաւանդակի այդ հայութիւնը կա՛մ տեղւոյն վրայ բնաջնջուեցաւ, կա՛մ ապաստան գտաւ Արեւելեան Հայաստանի մէջ։ Ուրեմն, տարագրութենէն վերապրած հայութիւնը, ի մասնաւորի արտասահմանի մէջ, ընդհանրապէս Կիլիկիայէն եւ Արեւմտեան Անատոլուէն է, ուր թուրքերու հետ խառն կենակցութիւն ունեցած է։ Այդ հայ մարդոցմէ շատերը հայերէն անգամ չէին խօսեր. իրենց առօրեայ լեզուն թրքերէնն էր եւ այս՝ շատ հասկնալի պատճառներով։ Բաւական մեծ թիւ մը կը կազմէին նաեւ որոշ վերապրողներ, որոնք իրենց անունն անգամ գրել չէին գիտեր, անուս էին, նոյնպէս՝ շատ հասկնալի պատճառներով։ Ուրեմն, ընդհանրապէս այս վերապրողներն են, որոնք իրենց այդ օրուան հասկցած ձեւով իրենց ինքնութիւնը արտայայտող այդ մականունները գործածեցին:

Մեծամտութեան հարց չէ, երբ հարց կու տանք, թէ 21րդ դարու հայ մարդը ինչո՞ւ պիտի շարունակէ պահել այդ թրքաբոյր մականունները, որոնք ընդհանրապէս այդքա՜ն դժուարահնչելի են, մանաւանդ՝ Արեւմուտքի մէջ։ Թրքական այդ դրոշմը ճակատին վրայ կրելը ի՞նչ ձեւով կրնայ նպաստել Հայկական պահանջատիրութեան, ինչպէս կը մտածէ պր. Պետօ Տէմիրճեանը։
Հայկական Ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն է եւ մեծ պետութիւնները շատ լաւ գիտեն այդ մէկը։ Պետութիւնները ունին իրենց պետական շահերը եւ պէտք եղած պարագային՝ հայկական խաղագարտը իրենք կրնան օգտագործել շա՜տ հեշտութեամբ…

Սիրելի՛ հայ ընթերցող,

Կեդրոնական Ասիայէն Հայկական Բարձրաւանդակ եւ Փոքր Ասիա թափանցած այդ թրքական ցեղերուն բերած արհաւիրքը մեծ աւերներ գործած է մեր կեանքէն ներս… Եկէ՛ք ստափինք մեր թմբիրէն, եւ մեր Ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ ձերբազատուինք միանգամընդմիշտ այդ զազրելի ցեղին ահաւոր ազդեցութենէն:

Արդիական Թուրքիան, Մուսթաֆա Քեմալի նախաձեռնութեամբ, ձեռնարկեց շատ բարեփոխումներու, որոնց շարքին նաեւ՝ մականունները։ Այդպէս, գոնէ պետական պաշտօններու վրայ գտնուող մարդիկ ունին շատ աւելի կիրթ մականուններ, ինչպէս՝ Կիւրսէլ, Տեմիրէլ, Մենտերէս, Էճեվիթ, Էրպաքան, Պահչելի, Էլեքտաղ, Կիւլ, Էրտողան, եւ այլն։ Իսկ մենք, կրօնական մասունքի նման կառչած կը մնանք մարմնական թերութիւններու հետ կապ ունեցող արտառոց եւ երբեմն ալ սարսափազդու մականուններու, ինչպէս՝ Քոճապաշեան, Պոյնուպիւրիւքեան, Քարապըյքեան, Ճինպաշեան, Չաթալպաշեան, Շէյթանկէօզեան, Ճինկէօզեան, Պուրունսըզեան, եւ այլն։ Մականուններու այս շարանը անհամեմատօրէն երկար է եւ միայն ցաւ կը յառաջացնէ հայ մարդու ներաշխարհէն ներս…

Ժամանակն է որ ընդմիշտ թօթափենք մեր վրայէն թուրքին թողած այս «ժառանգը» եւ ձեռնարկենք հայակերտումի ամբողջական հասկացողութեան։

http://tert.am/hy/news/2012/02/03/sarkis-manugian/





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+