Ստանպուլի նախկին միւֆթիւ Փրօֆ. Տքթ. Մուսթաֆա Չաղրըճը 12 Դեկտեմբեր 2011, Երկուշաբթի, ժամը 15.45ին - Հայերէն
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

14 Aralık 2011  

Ստանպուլի նախկին միւֆթիւ Փրօֆ. Տքթ. Մուսթաֆա Չաղրըճը 12 Դեկտեմբեր 2011, Երկուշաբթի, ժամը 15.45ին -

Ստանպուլի նախկին միւֆթիւ Փրօֆ. Տքթ. Մուսթաֆա Չաղրըճը 12 Դեկտեմբեր 2011, Երկուշաբթի, ժամը 15.45ին Ստանպուլի նախկին միւֆթիւ Փրօֆ. Տքթ. Մուսթաֆա Չաղրըճը 12 Դեկտեմբեր 2011, Երկուշաբթի, ժամը 15.45ին

ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ՆԱԽԿԻՆ ՄԻՒՖԹԻՒԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԱՅՑԸ

Ստանպուլի նախկին միւֆթիւ Փրօֆ. Տքթ. Մուսթաֆա Չաղրըճը 12 Դեկտեմբեր 2011, Երկուշաբթի, ժամը 15.45ին քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Այցելութեան ներկայ էին Պատկ. Կրօն. Ժողովի Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան։

Փրօֆ. Չաղրըճը յայտնեց որ ուրախ է այցելելով Պատրիարքարան, քանի քաղցր յիշատակներ ունի Պատրիարքական Աթոռի, անոր Գահակալին ու Հայ համայնքին հետ։ Յարգելի հիւրը ըսաւ, որ ութը տարուան պաշտօնավարութեան շրջանը բաւ համարելով, փափաքած է վերադառնալ իր ակադեմական կեանքին ու այս պատճառաւ հրաժարած է Ստանպուլի Միւֆթիւութեան իր պաշտօնէն։ Այս այցելութիւնը պաշտօնի աւարտման առթիւ հրաժեշտի այց մըն է, սակայն բարեկամութիւնները կը շարունակուին ու ստեղծուած քաղցր մթնոլորտի շարունակութեան փափաքողն է ինք։

Անդրադառնալով իր պաշտօնավարութեան շրջանին ունեցած ջերմ յարաբերութեան, սիրով խօսեցաւ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր մասին ու հետաքրքրուեցաւ առողջական վիճակով։ Ըսաւ թէ կը փափաքէր այցելել Ամենապատիւ Տիրոջ ու անձամբ յայտնել իր բարեկամական մաղթանքները։

Նախկին Միւֆթիւն խօսեցաւ Հայ եւ Թուրք ժողովուրդներու բազմադարեան բարեկամութեան, միջկրօնական յարաբերութեան մասին եւ ըսաւ թէ այսօր, այս երկրին մէջ խաղաղ համակեցութեան առընթեր կայ երկկողմանի երկխօսութիւն մը, որ օրինակ պէտք է ըլլայ այլ երկիրներու։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը նախ բարի գալուստ մաղթեց Փրօֆ. Չաղրըճըին, ապա ուրախութիւնը յայտնելով սոյն այցելութեան համար, ըսաւ թէ յուզուած է անոր պաշտօնէն հրաժարման պատճառաւ։ Նորին Սրբազնութիւնը անդրադառնալով պաշտօնի փոփոխութեան պատճառին ակադեմական կեանքի վերդարձ ըլլալու պարագան, ըսաւ թէ այս մէկը պատճառ մը չէ որ առկայ բարեկամութեան կապը խզուի, ընդհակառակը՝ պէտք է շարունակուի ու պիտի շարունակուի։ Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց Փրօֆ. Չաղրըճըի ութամեայ ծառայութիւնը, յատկապէս իր պաշտօնավարութեան շրջանին Միւֆթիւութեան ու Պատրիարքական Աթոռի յարաբերութեան ամրապնդման գծով։ Ան շնորհաւորեց Փրօֆ. Չաղրըճըն ու յաջողութիւն մաղթեց իր ակադեմական կեանքին մէջ։

Ի յիշատակ այս այցելութեան, Փրօֆ. Չաղրըճըին նուիրուեցաւ Արսէն Եարմանի §Օսմանեան Կայսրութեան Առողջական ծառայութեան մէջ Հայերն ու Ս. Փրկիչ Հիւանդանոցը¦ հատորէն օրինակ մը։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+