Armenian Cuisine՝ Մասունք Մը Պատմական Հայաստանէն - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

08 Aralık 2011  

Armenian Cuisine՝ Մասունք Մը Պատմական Հայաստանէն -

Armenian Cuisine՝ Մասունք Մը Պատմական Հայաստանէն Armenian Cuisine՝ Մասունք Մը Պատմական Հայաստանէն

Մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթին մէջ հրապարակուած Պայծիկ Գալայճեանի հետեւեալ անդրադարձը՝ որոշ կրճատումներով.

Armenian Cuisine անուն գիրքը շաբաթէ մը ի վեր գրասեղանիս վրայ է: Չ`ուզեր շարժիլ: Չ`ուզեր տեղաւորուիլ գրադարանիս այլ գիրքերուն շարքին: Քանի մը անգամ թղթատեցի. Քանի մը անգամ ուրիշներու (տարբեր տարիքի) փոխ տուի, իրենց բազկերակը շօշափեցի, եւ կրկին գրաւեց իր տեղը՝ գրասեղանիս վրայ: Յաճախ, ակամայ կը թղթատեմ...: Կախարդական բուրմունք մը ունի ան, Պատմական Հայաստանէն ինծի հասած մասունք եւ զայն կը պահպանեմ իբրեւ թանկարժէք իր:

Armenian Cuisine գիրքը մեզի կը լուսաբանէ, թէ իւրաքանչիւր ճաշատեսակ ուրկէ՞ մեզի հասած է եւ ինչո՞ւ համար ցարդ թրքական անուններ կը կրեն անոնք: Հոս է, որ կը յայտնաբերուին նաեւ պատմութեան այն մութ ծալքերը, որ առայժմ չէ լուսաբանուած, թէ բռնագաղթի ճամբան բռնած հայ ժողովուրդը իր հետ տարագիր դարձուցած է նաեւ հայկական համեմներու եւ բանջարեղէններու հունտեր:

Ակամայ կը վերյիշենք Ուիլիամ Սարոյեանի գրութիւնները, թէ ինչպէս Ֆրեզնոյի մէջ հայկական խաղողներու հունտեր ցանելով՝ հայկական այգեգործութեան արուեստը շարունակուած է նոյնիսկ հեռաւոր Ամերիկայի մէջ, ինչպէս Հրաչեայ Քոչարի «Արտամետի Խնձորներ»ու հունտն ու բուրմունքը պահպանուած է Հայաստանի մէջ: Գաղթականութեան պատմութիւնը կը վկայակոչէ, թէ հայերը միշտ հպարտ եղած են իրենց մածունով եւ զայն դարձուցած՝ նոյնիսկ օտարներու սեղանին զարդը, ըստ Ալինին (գիրքի հեղինակը), իւրաքանչիւր հայ ընտանիք իր մածուն մակարթելու իւրայատուկ ձեւն ու համեմը ունէր:

Armenian Cuisine գիրքը պատմամշակութային արժէք ներկայացնող, 366 էջ պարունակութիւն ունեցող որակաւոր հատոր մըն է, որ յարգանք պիտի պարտադրէ իւրաքանչիւր հայու թէ օտարի, ունենալու համար իր տան մէջ իբրեւ մասունք մեր պատմութենէն, մշակոյթէն ու ճաշերու արուեստէն:

Այս գիրքով՝ Ալին իր երախտագիտական ջերմ զգացումները կը յայտնէ աշխարհի բոլոր հայ մայրերուն, որոնք արժեւորեցին հայկական ճաշեր եփելու արուեստը եւ զայն ջերմօրէն փոխանցեցին սերունդէ սերունդ:

Այս գիրքը Ալին կը ձօնէ իր մօր՝ Վարդուկ Գամաքեանին, այն ազնուագոյն հայուհիին, որ ոչ միայն իր զաւակները դաստիարակեց ճշմարիտ հայրենասիրութեամբ, այլեւ նոյն հոգիի ջերմութեամբ ընտանեկան ջահը կը փոխանցէ իր թոռներուն։

http://tert.am/hy/news/2011/12/08/armenian-cuisine/





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+