Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Կը Մերժէ Պատասխանել Իրանի Օդային Ուժերու Հրամանատարութեան - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

30 Kasım 2011  

Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Կը Մերժէ Պատասխանել Իրանի Օդային Ուժերու Հրամանատարութեան -

Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Կը Մերժէ Պատասխանել Իրանի Օդային Ուժերու Հրամանատարութեան Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Կը Մերժէ Պատասխանել Իրանի Օդային Ուժերու Հրամանատարութեան

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմէթ Եըլմազ մերժեց պատասխանել Իրանի օդային ուժերու հրամանատարի ազդարարութեան, թէ կը նպատակադրեն թիրախ ընտրել ՆԱԹՕ-ի Թուրքիոյ մէջի հրթիռային վահանները: Այս մասին կը յայտնէ «Սապահ» թերթը։

Ըստ թերթին՝ թրքական նախարար Եըլմազ բաւականացաւ ըսելով, թէ այս գծով մեկնաբանութիւն կատարելու համար կարեւոր է, որ «մեզի Թեհրանէն պաշտօնական յայտարարութիւն հասնի եւ քաղաքական ներկայացուցիչներէ վստահ ըլլանք այդ լուրին իրականութենէն»:

Նախարարը վստահեցուց, թէ ճիշդ չէ մեկնաբանել լուր մը, որ թերթերու միջոցով տրուած է նշելով, որ «ներկայիս որեւէ յայտարարութիւն կատարելու պարագային Իրանի պաշտօնակիցս անկասկած պիտի պատասխանէ ըսածիս, հետեւաբար սկիզբը պէտք է ստուգել լուրին ճշդութիւնը, ապա պատասխանել նիւթին էութեան»:

http://tert.am/hy/news/2011/11/30/turkey-iran/





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+