Թուրքիա Սուրիոյ Հարցով Նոր Դերակատարութիւն Ստանձնելու Հաւակնութիւն Ունի (Video) - Հայերէն
21 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Գրգոռ / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

22 Kasım 2011  

Թուրքիա Սուրիոյ Հարցով Նոր Դերակատարութիւն Ստանձնելու Հաւակնութիւն Ունի (Video) -

Թուրքիա Սուրիոյ Հարցով Նոր Դերակատարութիւն Ստանձնելու Հաւակնութիւն Ունի (Video) Թուրքիա Սուրիոյ Հարցով Նոր Դերակատարութիւն Ստանձնելու Հաւակնութիւն Ունի

Մարդու իրաւունքներու ոտնահարման վերացում, արիւնահեղութեան ու բռնութեան դադրեցում, միապետութեան փլուզում: Ժողովրդավարութեան դրօշի ներքոյ կատարուող կոչեր, որոնք ուղղուած են արաբական, հերթական երկրին: Միջազգային հանրութիւնը կը պահանջէ նախագահ Պաշշար ալ Ասատի հրաժարականը` զինք մեղադրելով, որ ականջալուր չէ իրենց կոչերուն: Ասատ կը հակադարձէ, որ վերջին ամիսներուն Սուրիոյ կառավարման համակարգէն ներս իրականացուած են կարգ մը փոփոխութիւններ` բազմակուսակցական համակարգի ներդրում, բանտարկեալներու ազատ արձակում, խորհրդարանական եւ տեղական ընտրութիւններու նշանակում:

Սուրիոյ պարագային, ի տարբերութիւն Թունիսի, Եգիպտոսի, ապա` Լիպիայի, դրօշակակիրների շարքին նոր, գործուն դերակատար աւելցած է: Ժողովրդավարութեան հաստատման, արիւնահեղութեան դադրեցման մասին կը խէսի Թուրքիան: Տասնամեակներ շարունակ Սուրիոյ նկատմամբ թշնամական կեցուածք ունեցող Անգարան` ԱԳ նախարար Տաւութօղլուի` հարեւաններու հետ "զերօ խնդիր" քաղաքականութեամբ, կարճ ժամանակ Սուրիոյ հետ առերեւոյթ բարեկամական կեցուածքէն ետք, կրկին վերադարձած է այս երկրի նկատմամբ թշնամական դիրքորոշման:
"Պաշշար Ասատ պէտք է նկատի առնէ ողբերգական այն աւարտը, որ կը պատահի բոլոր անոնց հետ, որոնք պատերազմ կը յայտարարեն իրենց ժողովրդին",- ըսած է Թուրքիոյ վարչապետ էրտողան:

Թուրքիոյ վարաչապետը նման յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ` գրեթէ նոյնութեամբ կրկնելով ԱՄՆ նախագահ Պարակ Օպամայի խօսքերը, երբ վերջինը կը տօնէր Մուամմար Քազզաֆիի մահը: "Բոլոր բռնապետերուն սա դաս պէտք է ըլլայ",- ըսած էր Սպիտակ տան ղեկավարը: Բայց քանի որ նախկին պատերազմներու յիշողութիւնները չափազանց թարմ էին, հետեւանքներն ալ ` անդառնալի, Սպիտակ տունը, օրինակ, Լիպիոյ մէջ, այսպէս կոչուած, ժողովրդավարութեան հասաւ Արեւմուտքի անուան ներքոյ: ՆԱԹՕ-ն կ`առաջնորդէր զինուած գործողութիւնները:


Սուրիոյ պարագային այս դերը մեծ պատրաստակամութեամբ կը ստանձնէ Թուրքիան: Անգարան, Ասատի հրաժարականէն բացի, Դամասկոսէն պաշտօնական ներողութիւն կը պահանջէ: Սուրիոյ մէջ` կարգ մը դիւանագիտական հաստատութիւններու շարքին, մարդիկ յարձակումներ իրականացուցած են նաեւ Թուրքիոյ ներկայացուցչութեան վրայ: Յարձակած էին, որովհետեւ Արաբական երկրներու լիկան, որ ոչ անուղղակի կերպով կը վայելէ Միացեալ Նահագներու հովանաւորչութիւնը, զրկած էր կառոյցի երբեմնի հիմնադիր Սուրիան անդամակցութեան իրաւունքէն: Սուրիոյ մէջ արգիլուած արմատական իսլամական "Իսլամ եղբայրները", որոնք տարիներ շարունակ կը հանգրուանեն Թուրքիոյ մէջ, յայտարարած էին, որ եթէ արտաքին միաջամտութիւն պէտք ըլլայ, թող ըլլայ Թուրքիոյ կողմէ:

Նոյն Սուրիոյ հարցով Թուրքիա մեկնած Ֆրանսայի արտգործնախարար Ալեն Ժիւփէ, որ եւս իր պարտքը համարած էր պահանջել Ասատի հրաժարականը, փորձած է զսպել Թուրքիոյ ախորժակը:

«Ռազմական որեւէ միջամտութիւն, նշանակութիւն չունի` որուն կողմէ, պէտք է հաստատէ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութիւնը»,- ըսած է Ժիւփէ:

Հակառակ Լիպիայի պարագային նոյն ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի որոշումն էր, որով իրաւագիր տրուեցաւ ՆԱԹՕ-ի զօրամիաւորումներուն` Լիպիայի ռազմական առաքելութիւնը իրականացնելու համար, սակայն Սուրիոյ հարցով նման որոշում ՄԱԿ-ի կողմէ փորձագէտները քիչ հաւանական կը համարեն` այդ մէկը առնչելով մէկ կողմէ ընդդիմութեան խիստ պառակտուած ըլլալու հանգամանքով, միւս կողմէ ալ` ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամներ Ռուսաստանի եւ Չինաստանի զսպող դիրքորոշումով: Հակառակ անոր, որ եւրոպական լրատուամիջոցները կը գրեն, որ եթէ Սուրիան չընդունի Արաբական պետութիւններու լիկայի պայմանները, Թուրքիան եւ Յորդանանը Սուրիոյ հիւսիսին եւ հարաւին անվտանգութեան գօտիներ կը ստեղծեն: Սուրիան սկզբունքօրէն համաձայնած է արաբական երկրներէն դիտորդներ ընդունիլ, սակայն, Դամասկոս կը պնդէ, որ այդ դիտորդները երկրի մէջ պէտք է առաջնորդուին իրենց պայմաններով:

Մինչ օրակարգին կը քննարկուի Սուրիոյ հարցը, արաբական գարունը վերապրած երկրներ Թունիսի, Եգիպտոսի ու Լիպիոյ մէջ արեւմուտքը կը քաղէ իր ծրագրի դառն պտուղները: Եգիպտոսի մէջ, օրինակ, խորհրդարանական ընտրութիւններու նախաշեմին արմատական իսլամականները զանգուածային բողոքի ցոյցեր կ`իրականացնեն` ընդդէմ արդէն նոր իշխանութիւններու:

http://tert.am/hy/news/2011/11/21/syria-turik/





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+