16 Kasım 2011
Վանի մէջ շարունակուող ուժգին երկրաշարժին եւ յետցնցումներուն պատճառով լուրջ վնաս հասցուած է Վարագայ վանքին: NEWS.am լրատուական կայքէջի թղթակիցը այցելած է վայրը` հաստատելու համար վնասուած տարածքին մանրամասնութիւնները:
Նախապէս լրատուական կայքէջի թղթակիցը Վանէն տեղեկացած էր, որ Աղթամարի Ս. Խաչի վերաբացումէն ետք Եուքարըբաքրաչլըի գիւղացիները դիմում ներկայացուցած էին Վանի նահանգապետարան եւ մշակոյթի ու զբօսաշրջութեան հարցերու նահանգային վարչութիւն` իրենց գիւղին մէջ գտնուող եկեղեցական համալիրը վերականգնելու համար:
Յիշեալ գիւղի իմամ Մեհմետ Չոպան NEWS.am-ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած էր, որ Վարագայ վանքի վերանորոգման համար անհրաժեշտ է կողքին գտնուող մզկիթը քանդել: «Նոր մզկիթը արագօրէն կը կառուցուի: Հազիւ այն կառուցուի, հինը պիտի քանդուի եւ պիտի սկսի Վարագայ վանքի վերականգնումը», ըսած էր իմամը` շեշտելով, որ պատասխանատուները Վարագայ վանքի վերանորոգման սկսման իբրեւ տարեթիւ` ճշդած են 2012-ը:
Գիւղի իմամը շեշտած էր նաեւ, որ Զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի Վանի նահանգային վարչութեան աշխատակիցները այցելած են Վարագայ վանք` իրենց հետ բերելով վերականգնման նախագիծը, որ կը նախատեսէ վանական համալիրի ամբողջական վերանորոգումը: